Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՔԼԱՐԸՆՍ ԱՇԸՐ (ծնունդ՝ 9 Սեպտեմբեր, 1870)

Ամերիկացի բժիշկ եւ միսիոնար Քլարընս Աշըր Վանի հերոսամարտի ականատես եղած է 1915ին։ Գրած է թրքական յարձակումի եւ տասնեակ հազարաւոր հայերու ջարդի ամենէն կարեւոր վկայութիւններէն մէկը։

Աշըր ծնած է 9 Սեպտեմբեր, 1870ին, Օրորայի մէջ (Իլինոյ)։ Հայրը՝ Աշըր եպիսկոպոս, ստանձնելով Մոնթրէալի եպիսկոպոսական առաջնորդի պաշտօնը, ընտանիքով փոխադրուած է Գանատա։ Հոն Քլարընս ստացած է սկզբնական կրթութիւնը եւ շարունակած է ուսումը Ուեսթ Ֆիլատելֆիայի (Փէնսիլվէնիա) եպիսկոպոսական դպրեվանքին մէջ։ Միսիոնարական գործ կատարելէ ետք Ուայոմինկ նահանգին մէջ, բժշկական ուսման հետեւած է Քանզաս Սիթիի բժշկական համալսարանին մէջ։

Մինչեւ 1898 Քանզաս Սիթի մնալէ ետք, որոշած է միանալ միսիոնարական համաշխարհային շարժումին։ Ուղարկուած է Խարբերդ եւ, տարի մը ետք, Վան։ Աշխատած է որբանոցներու մէջ։ 1900ին ամուսնացած է ամերիկացի միսիոնարուհի Էլիզապէթ Պարրօ Աշըրի հետ (1873-1915), եւ ունեցած՝ երեք որդի եւ դուստր մը։

1915ին, Աշըր կ՚աշխատէր Վանի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ, երբ Ճեւտէթ պէյ՝ պատերազմական նախարար Էնվէր փաշայի քեռայրը, նահանգապետ նշանակուած է։

Երբ Ճեւտէթ Մարտի վերջերուն հասած է Վան, իր առաջին գործերէն մէկը եղած է պահանջել 4.000 հայ տղամարդ աշխատանքային գունդերու համար, բայց հայ ղեկավարութիւնը, զգալով անոր դիտաւորութիւնը, առաջարկած է 500 հոգի եւ մնացեալի համար սովորական վճարումը, զոր Ճեւտէթ մերժած է։ 16 Ապրիլին, թուրք կուսակալը հրամայած է հայ ղեկավարի մը ձերբակալումը Շատախի մէջ, բայց շատախցիները, անոր սպանութեան տարաձայնութիւն լսելով, շրջապատած են ոստիկանութիւնը՝ ազատ արձակումը պահանջելով։ Աշըր կը յայտնէ իր յուշերուն մէջ, թէ Ճեւտէթ հրաւիրած է Վանայ Իշխանը, որ Շատախ այցելէ՝ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար, բայց ան եւ իր ընկերները սպաննուած են ճանապարհին վրայ։

19 Ապրիլին, Ճեւտէթ հայերու բնաջնջման գաղտնի հրամանագիր մը արձակած է, իսկ յաջորդ օրը, թրքական զօրքերը նահանգի տարբեր հայկական գիւղերու վրայ յարձակած են։ Աշըրի գնահատումով, շուրջ 55.000 հայեր սպաննուած են։ 20 Ապրիլին, շրջակայ տուները այրելէ ետք, թուրքերը պաշարած են Վան քաղաքը։

Հակառակ զէնքերու եւ փամփուշտներու պակասին, փոքրաթիւ հայ պաշտպանները յաջողած են երեք շաբաթ հերոսաբար դիմադրել, եւ երբ պաշարը վերջանալու վրայ էր, 14 Մայիսին թրքական զօրքերը յանկարծ նահանջի դիմած են։ Պատճառը բացայայտուած է 18 Մայիսին, երբ հայ կամաւորները հասած են, կանխելով ռուսական բանակը։ Ճեւտէթի վերջին արարքներէն մէկը ամերիկեան հիւանդանոցի եւ տուներու ռմբակոծումն էր, ինչ որ դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան բռնաբարում կը սեպուէր։ Ըստ Աշըրի, Ճեւտէթ իր վրէժը կը լուծէր, կարծելով, որ ամերիկացիները օժանդակած էին քաղաքի պաշտպանութեան։

Յունիսին, բծաւոր տիֆի համաճարակի մը հետեւանքով, Աշըր եւ իր կինը հիւանդացած են. Էլիզապէթ Աշըր մահացած է 14 Յուլիսին։ Աշըր երկար շաբաթներ հիւանդ եղած է, որուն ընթացքին ռուսական զօրքերը պարտութիւններ կրած ու ստիպուած են նահանջել, Վանը լքելով։

Հազարաւոր հայեր քաղաքը լքած են՝ թուրքերու ձեռքը չիյնալու համար, անցնելով Կովկաս։ Աշըր եւ միւս ամերիկացիներն ալ փախուստի դիմած են։ Միսիոնարը հիւանդ ըլլալով, չէ կրցած քալել եւ երկու ձիերու միջեւ կախուած անկողինի մը վրայ ճամբորդած է։

1917ին, Աշըր հրատարակած է Վանի իր փորձառութիւնը նկարագրող հատոր մը՝ «Ամերիկացի բժիշկ մը Թուրքիոյ մէջ» խորագրով։

Պատերազմէն ետք, Քլարընս Աշէր Միացեալ Նահանգներ ճամբորդած է, իսկ 1919-1923ին ծառայած է Երեւանի մէջ իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի ղեկավար։ Ի վերջոյ, հաստատուած է Սանթա Մոնիքա (Գալիֆորնիա), ուր մահացած է 20 Սեպտեմբեր, 1955ին, 85 տարեկանին։

Աշըրի կերպարը կարեւոր դեր խաղացած է Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» շարժանկարին մէջ (2003)։