ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԸ ՄՆԱՆՔ
11 Սեպտեմբեր, 2001ի ահաբեկչական յարձակումներու նոր տարելիցի մը առիթով, կը շարունակենք յիշել ու աղօթել խաղաղ աշխարհի մը արշալոյսին համար, մնալով ե՛ւ միասնական ե՛ւ զօրաւոր։
Վերջապէս, եղբայրներս, զօրացէ՛ք Տիրոջմով եւ անոր հզօր կարողութեամբ։ Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն։ Որովհետեւ մեր գօտեմարտը մարմինի եւ արիւնի հետ չէ, հապա պետութիւններու, իշխանութիւններու, այս խաւար աշխարհին՝ իշխանաւորներուն հետ, երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։ Ուստի առէ՛ք ձեր վրայ Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել չար օրը, ու ամէն բան կատարելէ ետք՝ հաստատուն կայնիլ։
(Նամակ Եփեսիացիներուն 6.10-13)