Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբերին, ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէզ՝ ամերիկեան Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ատենապետ, պահանջած է որ Միացեալ Նահանգները եւ միջազգային համայնքը հակազդէ ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն հաշիւ պահանջէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ ցեղասպանական փորձի առնչութեամբ։ Ան կոչ ուղղեց ազդու պատիժներ սահմանելու Ալիեւի եւ անոր մեղսակիցներուն դէմ՝ Եւրոպայի մէջ անոնց դիզած հարստութիւններուն արգելք դնելով։ Մենենտէզ կոչ ուղղեց նախագահ Ճօ Պայտընին, որ արգիլէ Ամերիկայի ուղղակի օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին՝ ըստ ազատութեան աջակցութեան օրէնքի թիւ 907 բաժնին, որ վաւերացուած է 1992ին։
Վերջին երկու շաբաթներուն, օրէնսդիրներ եւ մասնագէտներ՝ Ուաշինկթընի մէջ կատարուած ունկնդրութիւններու ընթացքին, ազդարարութիւններ ուղղած են Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն մասին։
Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, Միջազգային Ոճրային Դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ քննադատեց Ամերիկայի անշարժութիւնը Արցախի բնակչութեան դէմ ատրպէյճանական ոճրային քաղաքականութեան հանդէպ, ուժեղ վկայութիւն մը տալով Քոնկրէսի մարդկային իրաւանց յանձնախումբին։ «Նախագահ Պայտըն կամ նախարար Պլինքըն կրնան պաշտօնապէտ ըսել պրն. Ալիեւին որ վաղը, առանց պայմաններու, վերջ դրէք Լաչինի միջանցքի շրջափակումին, կամ ձեզի ցեղասպանութեան պատասխանատու պիտի նկատենք… Եւ, անշուշտ, ատիկա բազմաթիւ հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսաւ Օքամփօ, որ Ատրպէյճանը ամբաստանած է «լուռ ցեղասպանութիւն» մը կատարելու յանցանքով։
Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի համա-ատենապետ Քրիս Սմիթ, որ տասնամեակներ շարունակ իր ձայնը բարձրացուցած էր ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին ԱՄՆի կողմէ, բառերը չծամծմեց Ատրպէյճանի կեցուածքը բնորոշելու համար. «Այս ահաւոր ոճիրը, ցեղասպանութեան այս ոճիրը, ծրագրուած, փորձուած եւ պարտադրուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ, այսինքն՝ Ատրպէյճանը երկաթեայ բռունցքով՝ մենատիրոջ նման կառավարող նախագահ Ալիեւի կողմէ», յայտնեց Սմիթ ունկնդրութեան բացման իր խօսքին մէջ։
Արցախի մէջ, Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն ետք, Ազգային Ժողովը նիստ գումարած է ու յատուկ ընտրութեան ընթացքին՝ Արցախի նախագահ ընտրած է Սամուէլ Շահրամանեանը։ Թէեւ ռուսական Կարմիր Խաչի բեռնակառքի մը մուտքը Ստեփանակերտ արտօնուեցաւ Ակնայի ճանապարհէն, Արցախ կը շարունակէ շրջափակումի տակ մնալ։