Մեր դպրոցներէն

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՏՕՆ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Մուրատ» ազգային վարժարանը եւ կիրակնօրեայ վարժարանը վերամուտի տօնակատարութիւն մը կազմակերպած էին Շաբաթ, 9 Սեպտեմբերին։ Աշակերտներն ու այլ մանուկներ զուարճալի պահեր ապրեցան, մինչ իրենց ծնողները արձանագրութիւնը կը կատարէին շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներուն համար։

Փրաւիտընսի համայնքը կ՚ակնկալէ կրթական աշխատանքներու արդիւնաւէտ տարի մը ունենալ։