Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 17 Սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնին առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գեր. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Նիակարա Ֆոլզի (Նիւ Եորք) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Խորանի վրայ ծառայեցին եւ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արժպ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Սահակեան, Ռաֆֆի Ա. Սրկ. Պարտագճեան, Սթիվ Սրկ. Գարակէօզեան եւ Յարութիւն Սրկ. Մինոյեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ ռեհանի աւանդական օրհնութիւն, ապա՝ սրահին մէջ, ճաշկերոյթի ընթացքին պարգեւատրուեցան Ռէյչլ Աւերսա եւ Սոնիա Կրէկեան եկեղեցւոյ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։