ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒ ՎԻՐԱՒՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
Այսօր, Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր, Հայաստան 32 տարեկան կը դառնայ։ Խորհրդային Միութեան անկումէն ծնած՝ աշխարհի ամենէն երիտասարդ պետութիւններէն մէկը, այս տարեդարձը կը նշէ Արցախի պարտադրուած աղէտալի յանձնումով։ Անվրէպ կերպով կարելի է ըսել, թէ ասիկա այլ ձեւով ցեղասպանութիւն է, ուր թուրքերը եւ իրենց աշկերտ ու ազգակից ազերիները գերազանցիկ են։
Մեր ազգի գոյապահպանման համար, անժխտելի իրողութիւն է, որ ան իր պետականութեան պէտք ունի աւելի քան երբեք, որուն լծուած է Սփիւռքը իր հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներով։ Հայ ազգի տարրերէն իւրաքանչիւրը ունի իր կենսական դերը անոր պահպանման մէջ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է կանգնիլ մեր պետութեան ու հայրենի ժողովուրդի կողքին։
Խորհրդային Միութեան երկրաշարժային փլուզման յաջորդող ցնցումները տակաւին զգալի են աւելի քան երեք տասնամեակ ետք։ Արցախի շրջափակումէն մինչեւ Ուքրանիոյ պատերազմը, այդ կայսրութեան պայթիւնին ուշացած հետեւանքներուն ականատես կ՚ըլլանք այսօր։
Ահա թէ ինչու կեղծիք է պնդել, որ Խորհրդային Միութեան լուծարումը անարիւն էր։ Կորիզային աղէտ մը չեղաւ, ինչպէս շատեր կը գուշակէին, բայց դարձեալ բիրտ եղաւ, ինչպէս տակաւին կը վկայենք։
Սակայն, ճիշդ է նաեւ, որ Խորհրդային Միութիւնը շունչ մը տուաւ հայ ազգին իր ցեղասպան դրացիներէն, որոնք այժմ վերադարձած են հին օրերուն։ Անոնց էութիւնը փոխուած չէ. Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ցեղասպանութեան վրայ հիմնադրուած պետութիւններ են։ Ինչ որ ոճիր է Հայաստանի եւ ազգերու մեծամասնութեան համար, հիմնարար երեւոյթ է թուրքերու եւ ազերիներու համար. բնաջնջում, նուաճում եւ թալան կը բնորոշեն անոնց ապրելակերպը։ Անոնց ոճրապարտութիւնը լայնօրէն հատուցուած է իրենց չպատկանող հողերով եւ ունեցուածքով, որով եւ աւելիին կը հետամտին։ Առաջին հերթին՝ հայերու, որովհետեւ թուրքերու եւ ազերիներու հարստութիւնը կը բխի ոճրային սեփականացումէ, ո՛չ թէ պարկեշտ աշխատանքէ։
Մեր պաշտպանական ամենէն ուժեղ գիծը մեր պետականութիւնն է՝ իր ժողովուրդի միահամուռ զօրակցութեամբ։ Սփիւռքը պէտք է անոնց ուղեկից ըլլայ, միասնական՝ անկախ Հայաստանը պահպանելու վճռակամութեան մէջ։