Մեր ծուխերէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ

Շաբաթ, 16 Սեպտեմբերին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը մեծարանքի ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Տիկնանց Միութեան 70ամեակին առիթով եւ անոր շուրջ 100 անդամուհիներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ։ Ներկաները վայելեցին համադամ ճաշերը, մինչ երեք երաժիշտներ հայկական ու ամերիկեան եղանակներով ճոխացուցին երեկոն։

Խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Ճոն Տաղլեան, որ դրուատեց Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու նուիրումը եւ բազմատեսակ աշխատանքները, նաեւ նիւթական աջակցութիւն բերելով եկեղեցւոյ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու։ Տիկնաց Միութեան առաջին դիւանի անդամուհիներէն՝ տիկ. Անահիտ Չենկելեան, գնահատագիր մը ստացաւ եկեղեցւոյ ու դպրաց դասին իր երկարամեայ ծառայութեան համար։

Աւարտին, Տէր Հայրը դրուատեց ու օրհնեց տիկինները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։