Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ (մահ՝ 29 Սեպտեմբեր, 1929)

Ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­կան­նե­րէն բա­նաս­տեղծ ­Յով­հան­նէս ­Յով­հան­նի­սեան արեւելահայ քնարերգութեան ռահվիրան կը համարուի։

Ծնած է 26 Ապրիլ, 1864ին, Վաղարշապատի մէջ, ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծխական դպրոցին մէջ։ Ծնողքը զինք Մոսկուա ղրկած են 13 տարեկանին եւ հոն ուսանած է Լազարեանին ճեմարանին մէջ (1877-1884), աշակերտելով բանաստեղծ Սմբատ Շահազիզի։ Անոր քաջալերութեամբ պա­տա­նի տարի­քէն սկսած է ո­տա­նա­ւոր­ներ գրել եւ լոյս ըն­ծա­յել ­Ճե­մա­րա­նի ու­սա­նո­ղա­կան պար­բե­րա­թեր­թին մէջ։ Լեզուաբանութիւն եւ պատմութիւն ուսանած է Մոսկուայի համալսարանին մէջ (1884-1888)։ Առաջին ժողովածուն (1887) լոյս ընծայած է ռուսական մայրաքաղաքին մէջ ուսանողական միութեան օգնութեամբ։

Համալսարանական կրթութիւնը աւարտելէ ետք, 1889ին Յովհաննիսեան ձեռնարկած է եւրոպական շրջապտոյտի մը, այցելելով Կ. Պոլիս, Վիեննա, Փարիզ եւ Լոնտոն։

Վերադառնալով Կովկաս, ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ուր ռուս գրականութիւն եւ յունարէն դասաւանդած է տասնամեակներ շարունակ։ 1908ին եւ 1912ին յաջորդաբար լոյս տեսած են բանաստեղծութիւններու երկրորդ եւ երրորդ հատորները։ 1908ի հատորը անոր արժէքին ու տեղին պատուանդանը եղած է հայ գրականութեան քնարերգակ բանաստեղծութիւններու շարքին։ Ան չափով մը նոր շունչ բերած է արեւելահայ բանաստեղծութեան ճառային-հայրենասիրական ոճին, նախապատրաստելով Թումանեանի եւ Իսահակեանի քնարական քերթողութիւնը։

1912ին նշուած է անոր գրական-կրթական գործունէութեան 30ամեակը։ Ի տար­բե­րու­թիւն իր սերն­դա­կից­նե­րու մեծ մա­սին, ­Յով­հան­նի­սեան հե­ռու մնացած է ազ­գա­յին-հասա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թե­նէ, կեդրոնանալով իր ու­սուց­չա­կան ու գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ։ Սակայն, իր բանաստեղծութեան մէջ ցոլացուցած է հայ կեանքը փոթորկող մեծ ցնցումները։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Վաղարշապատի մէջ կրթական բաժնի վարիչ եղած է, իսկ 1922ին սկսած է աշխատիլ կոմիսարներու խորհուրդի օրէնսդրական բաժնին մէջ։ Մահացած է Երեւանի մէջ, 29 Սեպտեմբեր, 1929ին։ Թաղուած է այժմու Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ 1948ին, աղջկան նախաձեռնութեամբ, Յովհաննէս Յովհաննիսեանի թանգարանը բացուած է Էջմիածնի մէջ։