Առաջնորդարանէն

CAMECT-Ի ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբերին, յանուն CAMECT քրիստոնէական կազմակերպութեան, որ կը համախմբէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եւ արաբ եկեղեցիները եւ որուն նախագահութիւնը կը վարէ թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպոսկոպոս,, բարի գալուստի ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներու, ի պատիւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի եւ Ամերիկայի մետրոպոլիտ Սապայի։ Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս տիկ. Ապիր Թահա Աուտի։

Ձեռնարկը վարեց CAMECTի անդամ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակըսթըն, Նիւ Եորք)։ Բացման աղօթքէն ետք, Անուշաւան Սրբազան, յանուն CAMECTի ընտանիքին, բարի գալուստ մաղթեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին, յոյս յայտնելով, թէ համագործակցութեան ոգիով կարելի պիտի ըլլայ մեր եկեղեցիներու առաքելութիւնը զօրացնել, միաժամանակ թիկունք կանգնելով Միջին Արեւելքի մէջ գործող առաքելական եկեղեցիներու մայր աթոռներուն։ Սրբազան Հայրը նաեւ բարձրօրէն գնահատեց Սապա Արքեպիսկոպոսի՝ հայ ժողովուրդի հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւնը Սուրիոյ մէջ իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան ընթացքին։

Այնուհետեւ, Անտիոքեան Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդական փոխանորդ՝ Հ. Թոմաս Զային, կենսագրական ամփոփ գիծերով ներկայացուց Սապա Արքեպիսկոպոսը, որ իր շնորհալութիւնը յայտնեց քրիստոնէական ոգիով կազմակերպուած այս ձեռնարկին համար։ Ան խոստացաւ առաւել եւս սերտացնել միջին արեւելեան եկեղեցիներու կապերը ի ծառայութիւն մեր բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն եւ ի փառս Աստուծոյ։

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։