Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌԷԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 10 Հոկտեմբեր, 1851)

Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան իր ժամանակաշրջանի ամենէն աչքառու դէմքերէն մէկը եղած է կրթական մարզին մէջ։

Ծնած է 10 Հոկտեմբեր, 1851ին, ­Խաս­գիւղ, ­Պո­լիս։ ­Թա­ղի Ներսէսեան վար­ժա­րա­նին մէջ ստա­ցած է իր նա­խակր­թու­թիւ­նը, զար­գա­ցնելով եւրոպա­կան լե­զու­նե­րու սերտողութեամբ ­Պոլ­սոյ օ­տար վար­ժա­րան­նե­րու մէջ, բայց յատ­կա­պէս ինքնազարգացման ճի­գով։

­Կա­նուխ տա­րի­քէն ­դրսե­ւո­րած է նուիրում ման­կա­վար­ժա­կան իր կո­չու­մին նկատմամբ։ 16 տա­րե­կա­նին ար­դէն սկսած է անձ­նա­կան դա­սեր տալ բարե­կե­ցիկ ընտա­նի­քի պատկանող իր տա­րե­կից­նե­րուն։

1876ին, Ռէթէոս ­Պէր­պէ­րեան ձեռ­նար­կած է նախ ­Քաղ­կե­դո­նի (­Գա­տը­գիւղ), ա­պա Սկիւ­տա­րի մէջ սե­փա­կան վար­ժա­րա­նի հիմ­նու­մին։ ­Պոլ­սոյ «­Պէր­պէ­րեան» վարժարանը բա­ռին բուն ի­մաս­տով սերունդ կերտելու օ­ճախ դար­ձած է արեւմտահայ իրակա­նու­թեան մէջ, ներգ­րա­ւե­լով թէ՛ ­Պոլ­սոյ եւ թէ՛ գա­ւառ­նե­րու աշակերտութիւնը։ Դպրոցի շրջանաւարտներուն շարքին եղած են Սիամանթօ, Վահան Թէքէեան եւ Լեւոն Բաշալեան։ Ռ. Պէրպէրեան վարժարանի տնօրէնը եւ ուսուցչապետը եղած է մինչեւ մահը։

­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան միշտ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով ու գոր­ծով մշա­կած եւ տա­րա­ծած է իր գա­ղա­փար­ներն ու հա­մո­զում­նե­րը։ Հօր ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­նե­րը դար­ձած են անոր երեք զա­ւակ­ները՝ Օն­նիկ, ­Շա­հան եւ ­Ման­նիկ ­Պէր­պէ­րեանն­նե­րը։ Ա­նոնք պահ­պա­նած ու շա­րու­նա­կած են «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րենց հօր մա­հէն ետք, մինչեւ որ դպրոցը Գահիրէ փոխադրուած է 1924ին եւ տասնամեակ մը ետք փակուած՝ նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով։ Նաեւ ծանօթ դէմ­քեր դարձած են յա­ջոր­դա­բար իբ­րեւ ե­րա­ժիշտ, գե­ղա­գէտ ու հոգեբան եւ բանաստեղ­ծու­հի։

Իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ՝ ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին լոյս ընծայած է «Առա­ջին տե­րեւք» (1877) ա­նու­նով գրքոյկ մը, որ ա­րեւմ­տա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան վիպապաշտ դպրո­ցին տի­պա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ։ Երկրորդ հատոր մը՝ «Խոհք եւ յուշք», հրատարակած է 1904ին, կնոջ մահէն ետք։

­Ժա­մա­նա­կի պար­բե­րա­կան մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած Պէրպէրեանի հրա­պա­կա­խօ­սա­կան ե­լոյթ­նե­րը, ման­կա­վար­ժա­կան տե­սու­թիւն­նե­րը եւ հայ կեան­քի ազ­գա­յին-հասարա­կա­կան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ մտո­րում­նե­րը մէկ­տե­ղո­ւած են քա­նի մը հա­տոր­նե­րու մէջ՝ «Մարդիկ ու իրք» (1885), «­Դաս­տիա­րա­կի մը խօս­քե­րը» (1901), «Դպ­րոց եւ դպրու­թիւն» (1907)։

Մահացած է 6 Ապրիլ, 1907ին, Պոլսոյ մէջ։