Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 1 Հոկտեմբերին, Վարագայ Սուրբ Խաչ տօնին առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց եւ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Զարեհ Պլպուլեանը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց Սուրբ Խաչի եւ ծառայութեան միջեւ ներքին կապը, որ քրիստոնէական կեանքի առանցքը կը կազմէ։ Անդրադառնալով Արցախեան հայրենիքի ներկայ դժնդակ իրականութեան, որ քսանմէկերորդ դարու ցեղասպանութեան համազօր է, Սրբազան Հայրը շեշտեց մեր հաւատքին մէջ անյողդողդ մնալու կարեւորութիւնը Սուրբ Խաչէն ճառագայթող յոյսով, որ կ՛առաջնորդէ ինքնակենսաւորման եւ գերագոյն յաղթանակի։

Ձեռնադրութենէն ետք, Անուշաւան Սրբազան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, որով ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհուէր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեանին, իր քահանայական տասնհինգամեայ ծառայութեան առ ի գնահատում։ Սրբազան Հայրը դրուատեց Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ Տէր Ստեփանի ի տղայ տիոց սէրն ու նուիրումը, զորս ժառանգած է իր հօրմէն՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանէն։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, նշուեցաւ եկեղեցւոյ օծման 53րդ տարեդարձը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովսէփ Ալմասեան ներկայացուց եկեղեցւոյ  տարեկան գործունէութիւնը, եւ այս առթիւ շնորհաւորեց նաեւ Տէր Ստեփանի տասնամեայ ծառայութիւնը համայնքէն ներս։ Ազգային Առաջնորդարանի պատուոյ գնահատագիր ստացաւ Փօլ Տէմուրճեան։ Ապա հոգեւոր հովիւ Տէր Ստեփան Քահանայ ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ յարաճուն զարգացման համար։

Փակման խօսքը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հովիւր, հոգաբարձութիւնը, յարակից մարմիններն ու քոյր կազմակերպութիւնները։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց ծխականներուն անվերապահ աջակցութիւնը, մանաւանդ իր հիացումր յայտնեց ականատես ըլլալով չորս սերունդներու մասնակցութեան յայտագրին մէջ, պատանի Գաբրիէլ Պլպուլեան՝ սրինգով, պարմանուհիներ Նարինէ Պօլոյեան եւ Միլանա Լոմպարտի՝ տոհմիկ պարերով, երիտասարդներ Քնարիկ Ներկարարեան եւ Մարտիկ Գէորգեան՝ երգեցողութեամբ եւ 91ամեայ Մարի Պարուշեան՝ դաշնակի նուագով։ Ա՛յս է գաղութային կեանքի գեղեցկութիւնը, ուրախութիւնը եւ զօրութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Յիշատակելի այս տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու Կիլիկիա երգով։