«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
1981էն ի վեր, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանը կը ծառայէ ջամբելու հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ ու հայեցի դաստիարակութիւն 13 – 18 տարեկան հայ պատանիներուն։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ «Սիամանթօ» լսարանի 2023-24 տարեշրջանին բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի աղօթքով եւ պատգամով։ Սրբազան Հայրը բարի վերամուտ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն եւ շեշտեց կարեւորութիւնը Սփիւռքի մէջ նման ծրագիրներու մասնակցելու։ Աշակերտները առիթ ունեցան ծանօթանալու իրենց ուսուցիչներուն եւ հարցումներ տալու։
«Սիամանթօ» լսարանի դասաւանդութիւնները սկսան Շաբաթ, 30 Սեպտեմբերին, եւ աշակերտները մեծ հաճոյքով ունեցան իրենց հայերէնի, արուեստի եւ երաժշտութեան դասապահերը։ Անոնք այս դասապահերուն կողքին ամիսը մէկ անգամ առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու մասնագէտ դասախօսներու եւ պիտի սորվին այլազան նիւթերու մասին։
Թէեւ դասաւանդութիւնները սկսած են արդէն, սակայն տակաւին կ՚ընդունինք նոր աշակերտներ։ Կը քաջալերենք բոլոր պատանիները մասնակից դառնալու այս օգտաշատ ծրագրին։