ՌԷԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 10 Հոկտեմբեր, 1851)
Ռեթէոս Պէրպէրեան իր ժամանակաշրջանի ամենէն աչքառու դէմքերէն մէկը եղած է կրթական մարզին մէջ։
Ծնած է 10 Հոկտեմբեր, 1851ին, Խասգիւղ, Պոլիս։ Թաղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ ստացած է իր նախակրթութիւնը, զարգացնելով եւրոպական լեզուներու սերտողութեամբ Պոլսոյ օտար վարժարաններու մէջ, բայց յատկապէս ինքնազարգացման ճիգով։
Կանուխ տարիքէն դրսեւորած է նուիրում մանկավարժական իր կոչումին նկատմամբ։ 16 տարեկանին արդէն սկսած է անձնական դասեր տալ բարեկեցիկ ընտանիքի պատկանող իր տարեկիցներուն։
1876ին, Ռէթէոս Պէրպէրեան ձեռնարկած է նախ Քաղկեդոնի (Գատըգիւղ), ապա Սկիւտարի մէջ սեփական վարժարանի հիմնումին։ Պոլսոյ «Պէրպէրեան» վարժարանը բառին բուն իմաստով սերունդ կերտելու օճախ դարձած է արեւմտահայ իրականութեան մէջ, ներգրաւելով թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ գաւառներու աշակերտութիւնը։ Դպրոցի շրջանաւարտներուն շարքին եղած են Սիամանթօ, Վահան Թէքէեան եւ Լեւոն Բաշալեան։ Ռ. Պէրպէրեան վարժարանի տնօրէնը եւ ուսուցչապետը եղած է մինչեւ մահը։
Ռեթէոս Պէրպէրեան միշտ իր անձին օրինակով ու գործով մշակած եւ տարածած է իր գաղափարներն ու համոզումները։ Հօր արժանաւոր յաջորդները դարձած են անոր երեք զաւակները՝ Օննիկ, Շահան եւ Մաննիկ Պէրպէրեաննները։ Անոնք պահպանած ու շարունակած են «Պէրպէրեան» վարժարանի առաքելութիւնը իրենց հօր մահէն ետք, մինչեւ որ դպրոցը Գահիրէ փոխադրուած է 1924ին եւ տասնամեակ մը ետք փակուած՝ նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով։ Նաեւ ծանօթ դէմքեր դարձած են յաջորդաբար իբրեւ երաժիշտ, գեղագէտ ու հոգեբան եւ բանաստեղծուհի։
Իբրեւ բանաստեղծ՝ Ռեթէոս Պէրպէրեան երիտասարդ տարիքին լոյս ընծայած է «Առաջին տերեւք» (1877) անունով գրքոյկ մը, որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան վիպապաշտ դպրոցին տիպական վկայութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ։ Երկրորդ հատոր մը՝ «Խոհք եւ յուշք», հրատարակած է 1904ին, կնոջ մահէն ետք։
Ժամանակի պարբերական մամուլին մէջ լոյս տեսած Պէրպէրեանի հրապակախօսական ելոյթները, մանկավարժական տեսութիւնները եւ հայ կեանքի ազգային-հասարակական զարգացման վերաբերեալ մտորումները մէկտեղուած են քանի մը հատորներու մէջ՝ «Մարդիկ ու իրք» (1885), «Դաստիարակի մը խօսքերը» (1901), «Դպրոց եւ դպրութիւն» (1907)։
Մահացած է 6 Ապրիլ, 1907ին, Պոլսոյ մէջ։