Featured, Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽՑԻ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս արցախեան հայրենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող 100.000 արցախցիներու բռնի տեղահանման հետեւանքով կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն։ Այս յանձնախումբի անդամներն են. Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս՝ Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս՝ Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի, մեթր Ժիրայր Հապիպեան՝ ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Ազգային Վարչութեան, եւ տիար Յակոբ Լուսարարեան՝ անդամ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան։

Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով, յանձնախումբը Հայաստան ուղեւորուեցաւ եռօրեայ այցելութեամբ գործնական քայլեր առնելու համար։

Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Սրբազան Հայրերը հանդիպեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ փոխանցեցին Արամ Ա. Վեհափառի եղբայրական ողջոյնները Նորին Սրբութեան եւ կիլիկեան Աթոռի զօրակցութիւնը Ս. Էջմիածնի ճամբով տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն։ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին բարձրօրէն գնահատեց համագործակցութեան այս ոգին, զայն որակելով ապացոյց Հայ Եկեղեցւոյ ներքին միութեան եւ զօրութեան։ Միաժամանակ, ներկայացուց թեմակալ առաջնորդներու հետ իրենց տարած բարեսիրական աշխատանքները։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը, յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ, այցելեցին Երեւանի, Պռօշեանի եւ Կոտայքի մէջ կեդրոնացած գաղթականներուն եւ իրենց յորդորներով հաւատք եւ յոյս ներշնչեցին ներկայ ահաւոր տագնապներու դիմաց տուայտող հայորդիներուն։ Յանձնախումբը նաեւ հանդիպում կայացուց Արագածոտնի մարզպետ Սերգէյ Մովսիսեանի հետ։

Մարդասիրական այս այցելութեան ընթացքին, նաեւ կատարուեցան նիւթական յատկացումներ տեղահանուած ընտանիքներուն։