ՄԻՀՐԱՆ ԹՈՒՄԱՃԱՆ (մահ՝ 28 Հոկտեմբեր, 1973)
Միհրան Թումաճան՝ Կոմիտաս Վարդապետի աշակերտներէն մէկը, շուրջ քառասուն տարի Ամերիկայի մէջ շարունակած է իր երախտարժան ուսուցիչին գործը։
Թումաճան ծնած է 21 Հոկտեմբեր, 1890ին, Սեբաստիոյ նահանգի Կիւրին քաղաքին մէջ։ 1895ին ընտանեօք փոխադրուած է Սեբաստիա, ուր ստացած է իր միջնակարգ ուսումը։ Պոլիս տեղափոխուելով 1909ին, ուսումը շարունակած է Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական դպրոցին մէջ, զոր աւարտած է 1913ին։ 1910-1915ին երգած է Կոմիտաս Վարդապետի «Գուսան» երգչախուբին մէջ եւ եղած է անոր «հինգ սաներ»էն մէկը, մասնակցելով անոր մասնաւոր դասընթացքին, որ ուղղուած է հայ երաժշտութեան գործիչներու պատրաստութեան։ Միւս չորս աշակերտներն էին Վարդան Սարգսեան, Բարսեղ Կանաչեան, Վաղարշակ Սրուանձտեան եւ Հայկ Սէմէրճեան։
Իրենց անուանի ուսուցիչէն զրկուելէ եւ պատերազմի ու ցեղասպանութեան արհաւիրքները ապրելէ ետք, Կոմիտասի սաները զիրար վերագտած են Զինադադարէն ետք, 1918 թուականին։ Անոնք խանդավառութեամբ ձեռնարկած են հայկական երաժշտութեան, յատկապէս իրենց ուսուցիչի ստեղծագործութիւններու տարածումին եւ կազմակերպեցին երգչախումբեր Պոլսոյ, Ատանայի եւ Իզմիրի մէջ, տուած են համերգներ ու հրատարակած՝ երգարաններ, որոնց հասոյթով իրենց երաժշտական ուսումը լրացուցած են Փարիզի մէջ։ Թումաճան ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ ուսանած է 1920-1922ին։
Հինգ սաները 1923ին ցրուած են տարբեր երկիրներ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը հետեւած է իր ճակատագրին։ Միհրան Թումաճան բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներ, ուր մեծ գործունէութիւն ծաւալած է ամերիկահայ համայնքին մէջ, հիմնելով «Հայ երգ» խմբերգային ընկերութիւնը եւ կատարելով Կոմիտաս Վարդապետի եւ իր դասընկեր Բարսեղ Կանաչեանի խմբերգները։ Թումաճան խմբավարական աշխատանքին զուգընթաց զբաղած է բանահաւաքչութեամբ, հաւաքելով ու ձայնագրելով արեւմտահայ վերապրողներու ժողովրդական երաժշտութեան (երգեր ու պարերգեր) նմոյշներ եւ գրի առնելով բանահիւսական զանազան նիւթեր (ժողովրդական քնարական բանաստեղծութիւններ, առակներ ու զրոյցներ, առածներ ու ասացուածքներ, աղօթքներ ու անէծքներ)։ Կազմած է հարուստ հաւաքածոյ մը, գիտական ու գեղարուեստական բարձր արժէքով։
1966ին, Թումաճան հրաւիրուած է Երեւան, ուր աշխատանքի անցած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի արուեստի հիմնարկին մէջ, կարելիութիւնը ունենալով իր ստեղծած արժէքաւոր ժողովածուն մաս-մաս տպագրութեան պատրաստելու, որ պիտի կոչուէր «Հայրենի բառ ու բան։ Առողջական վատթարացող վիճակը պատճառ դարձած է, որ գործը շատ դանդաղ ընթանայ։ Այսուհանդերձ, առաջին հատորը լոյս տեսած է բանահաւաքի ողջութեան, 1972ին։ Երկրորդ հատորը մնացած է գրեթէ սեւագիր վիճակի մէջ։ Միհրան Թումաճան մահացած է 28 Հոկտեմբեր, 1973ին, Երեւանի մէջ։ Անոր դասաւորած նիւթերուն հիմամբ լոյս տեսած են երկրորդ ու երրորդ հատորները՝ 1983ին եւ 1986ին։