Featured, Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ՆԻՍՏԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ, 12 եւ 20 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած յաջորդական երկու հեռավար նիստերու ընթացքին արցախեան նոր իրավիճակի գնահատականը կատարուեցան եւ ապագայ աշխատանքի ուղեգիծը ճշդուեցաւ։

Նիստերուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ. Աշոտ Մելքոնեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արմէն Մարուքեան, Վահրամ Բալայեան, Վիգէն Չթըրեան, Սիմոն Փայասլեան, Վահրամ Շէմմէսեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Նորա Պայրագտարեան, Շահան Գանտահարեան եւ խորհրդակցական նիստերու քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեան։

Առաջին նիստը յատկացուած էր արցախեան իրադարձութիւններու պատճառներու եւ հետեւանքներու քննարկումին, ուր ներառնուած էին հետեւեալ նիւթերը.

ա) Տարածաշրջանային իրադարձութիւններ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն

բ) Բռնի տեղահանուածներու իրավիճակ, տարբեր պետութիւններու մօտեցումներ եւ մարդասիրական օժանդակութիւն

գ) Ռազմագերիներու ու պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակման պահանջներու իրաւական հիմունքներ

դ) Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունք՝ պայմանաւորուած անվտանգութեան երաշխիքներով եւ իրաւունքներու պաշտպանութեամբ

ե) Կրօնա-մշակութային ժառանգութեան իրավիճակ․ պատմութեան նենգափոխում

Երկրորդ նիստը կեդրոնացաւ իրավիճակի յաղթահարման իրաւական հնարաւոր ուղիներուն վրայ։

Երրորդ նիստին օրակարգի առանցքը պիտի ըլլայ, աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ, հայկական կողմի հետագայ աշխատանքային ուղիներու քննարկումը։

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը կ՚ամփոփէ առաջարկուած գործողութիւններու կէտերը, որոնք պիտի համալրուին յառաջիկայ նիստերուն եւ պիտի հրապարակուին անհրաժեշտ վերլուծականներով։

Համահայկական օրակարգի տարողութիւն ունեցող այս հրատապ թեմաներու քննարկումներուն համար, Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնութեամբ այս ձեւով կը գործէ մասնագիտական հարթակ մը, որուն մէջ ներառնուած են Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն փորձագէտներ։

Երրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբերին։