Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԱՐԹԸՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆԻ (22 Ապրիլ, 1930-31 Հոկտեմբեր, 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Վարչական ժողովները ցաւով իմացան, որ Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբերին իր մահկանացուն կնքած է մեր Թեմի ու Հայց. Եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայողներէն, եւՍ. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հիմնադիրներէն պրն. Արթըր Հայրապետեան, 93 տարեկանին։

Հանգուցեալ Արթըր Հայրապետեան ծնած է Նիւ Եորք, 22 Ապրիլ, 1930ին։ Մեծ Եղեռնի վերապրողներ Յարութիւն եւ Արշաշոյս Հայրապետեանի երկրորդ զաւակը եղած է։ Ընտանիքը գործօն մասնակզութիւն ունեցած է հայ կեանքին մէջ։ Շրջանաւարտ եղած է Պրայընթ երկրորդական վարժարանէն եւ 1950ին զինուորագրուած՝ Գորէայի պատերազմի սկզբնաւորութեան։ Սակայն, բախտի բերումով, պատերազմի ղրկուած չէ։ Իը զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ ետք, Արթըր Հայրապետեան վերադարձած է Նիւ Եորք եւ զինուորականներու նպաստի յատուկ օրէնքի (GI Bill) շնորհիւ յաջողած է համալսարան յաճախել եւ երկուքուկէս տարուան մէջ աւարտել Նիւ Եորք համալսարանը ելեկտրական ճարտարագէտի վկայականով։ Այնուհետեւ աշխատած է իր մասնագիտութեան մէջ։

1957ին ամուսնացած է Լիլիան Հայրապետեանի հետ եւ ունեցած՝ երեք զաւակ։ 1959ին, Լոնկ Այլընտ ապրող խումբ մը ընտանիքներ որոշած են եկեղեցի մը հիմնել իրենց շրջանին մէջ, իսկ 1962ին ծնունդ առած է Ս. Սարգիս եկեղեցին, այդ ժամանակ՝ Պէյտայտի, եւ ներկայիս՝ Տակլըսթընի մէջ։ Պրն. Հայրապետեան օծման յանձնախումբի եւ ապա՝ հոգաբարձութեան ատենապետ ընտրուած է։

1965ին, Հայրապետեան ընտանիքը փոխադրուած է Փարիզ, ուր ստեղծած է իր սեփական գործը ձկնորսութեան եւ ծխախոտի բնագաւառին մէջ։ Պրն. Հայրապետեան ֆրանսական մայրաքաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձու ընտրուած է, նաեւ գործակցելով ուրիշ հաստատութիւններու հետ, ինչպէս Դպրոցասէր վարժարանը, Մխիթարեաններու Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանը եւ ՀԲԸՄը։

Հայրապետեան ամոլը վերստին Նիւ Եորք հաստատուած է 2007ին։ Պրն. Արթըր Հայրապետեան վերստին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձու եղած է, ինչպէս եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երեսփոխան, իսկ տիկ. Լիլիան Հայրապետեան՝ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան երկարամեայ անդամ։

2016ին, պրն. Հայրապետեան Առաջնորդարանի «Արծիւ»ի մետալը ստացած է Հայ Եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութեան համար, իսկ 2022ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ 60ամեակին մեծարուած է իբրեւ եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մէկը եւ յատուկ գնահատագրի արժանացած՝ երկարամեայ ծառայութեան համար։

Տան կարգը տեղի կ՚ունենայ Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-9:00ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 3 Նոյեմբերին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ, որուն պիտի հետեւի թաղումը «Սիտար Կրով» գերեզմանատան մէջ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։

Ազգային Առաջնորդարանի անունով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի կնոջ, զաւակներուն եւ բոլոր ընտաներկան պարագաներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։