Սևդա Սեւան, բուն անունով՝ Ֆրանսուհի Պահչէճեան, ծնած է 6 Նոյեմբեր, 1945ին, Պուլկարիոյ Նովա Զակորա քաղաքին մէջ։ Տարրական ուսումը ստացած է Պուրկասի հայկական վարժարանին մէջ։ 1978ին աւարտած է Սոֆիայի համալսարանի պուլկարական բանասիրութեան ճիւղը։ Աշխատած է «Նարոտնա մլատեժ» թերթի խմբագրութեան մէջ։
Սկսած է պուլկարերէն գրել 1962ին։ Սեւդա Սեւան գրչանունը որդեգրած է (սեւդա՝ «սէր» եւ Սեւան՝ Հայաստանի լիճի անունը)։ 1969ին հրատարակած է «Քար քարի վրայ» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։ Յայտնի դարձած է «Ռոտոսթօ, Ռոտոսթօ…» վէպով, որուն առաջին եւ երկրորդ մասերը լոյս տեսած են 1981ին եւ 1988ին ու թարգմանուած են հայերէնի եւ ռուեսրէնի։ Գրած է նաեւ «Որեւէ տեղ Պալքաններուն մէջ» (1987) եւ «Տէր Զօր» (1993) վէպերը, որոնց մէջ ներկայացուած են Մեծ Եղեռնի եւ Պալքաններու մէջ Անդրանիկի եւ պուլկարական զօրամասերու ազատագրական համատեղ գործողութիւնները։ Գրած է 1988ին Պուլկարիոյ մէջ նկարահանուած «Ցեղասպանութիւն» վաւերագրական շարժանկարի բեմագիրը։
Սեւդա Սեւան թարգմանած է Գէորգ Էմի բանաստեղծութիւններու հատոր մը՝ «Արդար երգ» խորագրով (1979)։ Ան յայտնի է իր հայանպաստ գործունէութեամբ։ Բազմիցս այցելած է Հայաստան։ Ամուսնացած է պուլկար յայտնի արձակագիր Վրպան Ստամաթովի հետ, որուն «Մակոյկով մինչեւ Արարատ» գործը հրատարակուած է հայերէն, եւ ունեցած են որդի մը։
1994-1999ին Սեւդա Սեւան եղած է Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, իսկ 1999-2005ին՝ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։ Ստացած է շքանշաններ եւ գրական մրցանակներ Պուլկարիոյ մէջ։
Ան իր մահկանացուն կնքած է 16 Մայիս, 2009ին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ։