Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԻԼԻՆՈՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 4  Նոյեմբերին, Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ (Կլենվիու, Իլինոյ), Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս  Կիրակմուտի ժամերգութենէն ետք դպիր ձեռնադրեց  Արարատ Թոքմաքճեանը, Սամուէլ Մեհրապեանը եւ Րեմի Քաքոն, եւ այնուհետեւ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Վահէ Մուրատեանը, Արէն Պանգլեանը, Ալէք Պանգլեանը եւ Սիմոն Սազեանը։

Սրբազան Հայրը խոր գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ Ամենայն Սրբոց տօնի առթիւ այս ձեռնադրութիւնը կենդանի պատգամ բերաւ պատանի եւ երիտասարդ այս ընծայեալներու նուիրումով, որոնք սիրայօժար իրենց ծառայութիւնը կը նուիրաբերեն համայնքի հոգեւոր բարգաւաճման համար։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան  80ամեակի տօնախմբութիւնը։ Այս առթիւ խօսք առաւ ատենապետ տիար Ռաֆֆի Գրիգորեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ծխականներուն եւ բարեկամներուն, իրենց անսակարկ աջակցութեան համար։ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս՝ տիար Ասքըր Թադոսեան, շնորհաւորեց համայնքի այս նշանակալից տարեդարձը եւ շրջանի հայ կեանքէն ներս բերած ծառայութիւնը։ Հոգեւոր հովիւը՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ․ Թինքճեան, գնահատեց անցեալի ու ներկայի բոլոր անդամներու նուիրումը, որով բարգաւաճած էր եկեղեցին։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ նորոգեալ սրահի օրհնութիւնը, որմէ ետք տիկին Սիրարփի Սէֆէրեան պարգեւատրուեցաւ  Առաջնորդարանի գնահատագիրով իր բազմամեայ ծառայութեան համար։

Հուսկ ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն դրուատեց եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան, յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց համահունչ գործակցութիւնը, որուն լաւագոյն ապացոյցը համայնքին  յարատեւ զարգացումն ու բարգաւաճումն է հոգեւոր, մշակութային ու ընկերային մարզերէն  ներս։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով։

Կիրակի, 5 Նոյեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը շեշտեց սուրբերու հետ մնայուն հաղորդակցութեան մէջ մնալու անհրաժեշտութիւնը մեր հաւատքը ջրդեղելու եւ անոնց օրինակով յաղթահարելու կեանքի յարուցած ամէն տեսակի սպառնալիքներու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Անուշաւան Սրբազան օծեց 13 առաքեալներու, Ստեփանոս նախավկայի, ինչպէս նաեւ Աստուածամօր եւ Հայ Եկեղեցւոյ 15 սուրբերու սրբանկարները, որով Ամենայն Սրբոց տօնը առաւել եւս իմաստաւորուեցաւ եւ իր այժմէական պատգամը բերաւ հաւատացեալներուն։