ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՂՕԹԷ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբերի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բացման աղօթքը կատարեց ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տան նիստին, իր աղօթքը նուիրելով ամերիկացի օրէնսդիրներուն եւ Արցախի բռնի տեղահանուած բնակչութեան։
«Տուր մեզի իմաստութիւն, քաջութիւն եւ տեսիլք, որպէսզի կարենանք ամբողջովին նուիրուիլ ժողովուրդի եւ Միացեալ Նահանգներու ծառայութեան», Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ նիստէն առաջ։ Առաւօտեան աղօթքը ուղղակի հեռասփռուեցաւ C-SPAN կայանէն եւ անոր բնագիրը պիտի ներմուծուի Քոնկրէսի արձանագրութեան մէջ (Congressional Record)։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ աղօթեց աշխարհի խաղաղութեան համար. «Օգնէ՛ մեզի, խաղաղութեան եւ արդարութեան Տուիչ, որ բուռն կերպով աշխատինք ի խնդիր խաղաղութեան՝ արդարութեամբ, բրտութեամբ եւ բեւեռացումով բաժնուած աշխարհի մը մէջ»։
Աղօթքի աւարտէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը յիշեց Ատրպէյճանի ցեղասպան պետութեան վերջերս գործադրած ցեղային մաքրագործումը, որ աւելի քան 100.000 արցախցի հայերու բռնի տեղահանութեան պատճառ դարձած է։
«Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ Աստուած Ողորմած, յիշելու մեր աղօթքներուն մէջ աւելի քան հարիւր հազար հայ գաղթականները, որոնք վերջերս պարտադրուեցան լքել Լեռնային Ղարաբաղը, իրենց դարաւոր հայրենի հողը, եւ դիմագրաւել վիթխարի դժուարութիւններ ու անորոշութիւններ»։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ողջունած է Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը իբրեւ ներշնչման եւ հզօրացման աղբիւր, մինչ հայութիւնն ու ամբողջ աշխարհը ականատես կ՚ըլլան վերջին տասնամեակներու յոռեգոյն տագնապներէն մէկուն։
«Միջազգային ու հայրենական խռովութեան այս ժամանակներուն, Վեհափառ Հայրապետը այս երկար ճամբորդութեան ձեռնարկած է հաւատքի եւ յոյսի իր պատգամը բերելու, ինչպէս նաեւ Արցախի ու անոր քաջ ժողովուրդին իր լայն զօրակցութիւնը յայտնելու», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Նորին Սրբութիւնը ժամանեց Ուաշինկթըն Երկուշաբթի, 6 Նոյեմբերին։ Օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Գերշ. Տ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի եւ տեղւոյն համայնքի անդամներու կողմէ։ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպիսկոպոս նոյնպէս մաս կը կազմեն Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին։
Վեհափառ Հայրապետը Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբերին, այցելեց Լիբանանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ հաւատարմատար Ուաէլ Հաշէմի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան։ Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանը յուզող հարցեր։
Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հոգեւորականներու համագումարը։
Յաջորդող օրերուն, Վեհափառ Հայրապետը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը մայրաքաղաքին մէջ, ներառեալ այցելութիւն մը Հայաստանի դեսպանատուն, դասախօսութիւն մը Ճորճ Ուաշինթըն համալսարանին մէջ (Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր), «Հրաշափառ»ով մուտք Ս. Խաչ եկեղեցի եւ Աջահամբոյր, որմէ ետք՝ երիտասարդութեան հետ հանդիպում մը (Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր), եւ հայրապետական Ս. Պատարագը Կիռակի, 12 Նոյեմբերին, որուն պիտի հետեւի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ 59ամեակի ճաշկերոյթը։
Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը պիտի շարունակէ իր շրջապտոյտը, այցելելով Փենսիլվէնիա (Ֆիլատելֆիա), Նիւ Ճըրզի (Ռիճֆիլտ), Քընէթիքըթ (Նիւ Պրիթըն) եւ Նիւ Եորք նահանգներու (Թրոյ, Մանհաթըն, Տակլըսթըն) եկեղեցիներն ու համայնքները։
Այս այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Շաբաթ, 18 Նոյեմբերի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք), ուր պիտի ընթերցուի Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»ը 24 լեզուներով, իսկ յետմիջօրէին՝ երիտասարդական հանդիպում մը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Կիրակի, 19 Նոյեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ Թորգոմ Եպիսկոպոս, իսկ Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի քարոզէ։ Այնուհետեւ, տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան ճաշկերոյթ մը «Ռոքըֆէլլըր Սենթըր»ի մէջ (Rainbow Room)։
Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը վերջ պիտի գտնէ Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին։