ԵՐԵՔ ԹԵՄԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2023ին, Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հոգեւորականներու համագումարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Առաջնորդ Սրբազանները՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս (Արեւելեան Թեմ), Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս (Գանատայի Թեմ) եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիակոպոս (Արեւմտեան Թեմ), եւ հոգեւոր դասը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, բացումը կատարելով, յիշեցուց, որ նպատակը Աստուածաշունչի, մեր եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներու եւ ներկայ իրականութիւններու լոյսին տակ, միշտ հովուական տեսանկիւնէ դիտուած, փորձել յստակեցումներ կատարել եւ հաւաքական մօտեցումներ ճշդել:
Համագումարի առաջին բաժինը բաղկացած էր երկու դասախօսութիւններէ՝ դոկտ. Վիգէն Կիւրոյեանի եւ դատաւոր Տէյվիտ Էրիքսընի կողմէ: Առաջինը ընկերա-բարոյագիտական հայեցակէտով կարգ մը խնդիրներու վերլուծումը կատարեց, յատկապէս նկատի ունենալով ԱՄՆի ընկերային միջավայրը: Երկրորդ դասախօսը նոյն հարցերուն մօտեցաւ իրաւական տեսանկիւնէ, իր կարգին ընդգծելով անոնց բարդ հանգամանքը: Հարց ու պատասխանի բաժինէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ, թէ քրիստոնէութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնց կարգին են աշխարհայնացումը, ամերիկացումը եւ համաշխարհայնացման մշակոյթի աճող տիրապետութիւնը: Անոնց բացասական հետեւանքները հետզհետէ տիրական դարձած են եկեղեցիներու կեանքին, մտածողութեան ու վկայութեան մէջ: Ընկերային ու բարոյագիտական հարցերը պէտք է դիտել այս առանցքին վրայ: Ապա, Վեհափառը իր տեսակէտները պարզեց երկու դասախօսներուն ներկայացուցած կարգ մը կէտերու շուրջ:
Երեկոյեան չորս դասախօսութիւններ տրուեցան Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Գիւսպէքեանի, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի եւ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհնյ Թրթռեանի կողմէ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան հետեւեալ հարցերուն. վիժում, արհեստական յղացում, սեռային անբնական հակումներ, հոգեբանական խնդիրներ, դիակիզում ու հեշտամահ: Իւրաքանչիւր զեկոյցէ ետք տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին։
Համագումարը յաջորդաբար վարեցին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ Եմիշեանը եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանը:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երեք մարզերու.
ա) Ընկերա-բարոյական հարցերը բազմազան ու համամարդկային են: Մեր եկեղեցւոյ մօտեցումը պէտք է ըլլայ հովուական, եւ անհրաժեշտ է հասկացողութիւն ցուցաբերել յատուկ պարագաներու, միշտ մեկնելով եկեղեցւոյ ուսուցումներէն: Հարկ է նկատի ունենալ արհեստագիտական զարգացումները եւ անոնց առնչութիւնը աստուածաբանական սկզբունքներուն ու հոգեւոր արժէքներուն:
բ) Նորին Սրբութիւնը թելադրեց Առաջնորդ Սբազաններուն, որ համագումարին քննարկուած նիւթերը ամփոփեն ու անոնցմէ բխած առաջարկները ներկայացնեն իրեն, որպէսզի Դեկտեմբերին Անթիլիաս կայանալիք Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին յատուկ քննարկումի ենթարկուին: Ան նաեւ թելադրեց, որ եկեղեցականները լուսաբանական յօդուածներ գրեն ու անհրաժեշտ ուղղութիւն տան մեր ժողովուրդին այս հարցերուն մասին։
գ) Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ շարք մը գործնական հարցերու, շեշտելով ծխական համայնքներու վերաշխուժացման հրամայականը։ Ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրերուն եւ բոլոր հոգեւորականներուն՝ իրենց նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ գործօն մասնակցութեան համար:
Համագումարը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ փակուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ: