Հ. ԳԱԲՐԻԷԼ ՄԷՆԷՎԻՇԵԱՆ (մահ՝ 14 Նոյեմբեր, 1936)
Հ. Գաբրիէլ Մէնէվիշեան անցեալ դարու Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի ճիւղի յայտնի դէմքերէն մէկը եղած է։
Ծնած է Պոլիս, 16 Ապրիլ, 1864ին, աւազանի անունով՝ Բիւզանդ։ 1878ին մեկնած է Վիեննա, ուր կրթական եւ աստուածաբանական ընթացքները աւարտելէ ետք, 1882ին Մխիթարեան միաբանութեան անդամ դարձած է, իսկ 1887ին՝ քահանայական ձեռնադրութիւն ստացած։ 1886-1889ին դասաւանդած է միաբանութեան դպրոցին մէջ։ 1889-1892ին պաշտօնավարած է Զմիւռնիոյ Մխիթարեան դպրոցին մէջ իբրեւ փոխտնօրէն։ Անցնելով Պոլիս, 1892-1895ին դասաւանդած է տեղւոյն Մխիթարեան դպրոցին, որուն տնօրէնը եղած է 1898-1903ին եւ 1908-1909ին։ 1895-1898ին վարած է «Հանդէս ամսօրեայ»ի խմբագրութիւնը, իսկ 1909-1913ին՝ միաբանութեան վարչութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը։ 1913ին միաբանութիւնը Հ. Գաբրիէլ Մէնէվիշեանը ուղարկած է Նովի Սատ (Սերպիա), միաբանութեան տնտեսական գործերը տնօրինելու։ Հոն մնացած է մինչեւ մահը՝ 14 Նոյեմբեր, 1936ին։
Հ. Մէնէվիշեան իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ քննած է հայերէն բառերու ծագումնաբանութիւնը եւ պարզած՝ Ոսկեդարու հայերէնի, աշխարհաբարի քերականութեան եւ ուղղագրութեան որոշ հարցեր։ «Արդի լեզուագիտութիւն» (1903) աշխատութեան մէջ շարադրած է ժամանակի լեզուաբանութեան նուաճումները։ Գրած է նաեւ «վոլափիւք» (Volapuk) արհեստական լեզուի, գրելու արուեստի («Գիրք գրելու արուեստը», 1898), գրական քննադատութեան դերի եւ այլ խնդիրներու մասին։ Մանկավարժական գրականութեան կալուածին մէջ կ՚առանձնանայ եռահատոր «Պատկերազարդ բնական պատմութիւն» (1897) դասագիրքը, որ կը ներառնէ կենդանաբանութեան, բուսաբանութեան ու հանքաբանութեան վերաբերող նիւթեր։ Հեղինակած է նաեւ այլ աշխատութիւններ՝ «Ազգաբանութիւն ազնուական զարմին Տիւզեանց» (1890), «Հայերէն լեզուի ուղղագրութեան խնդիրը» (1910) եւ «Գրիգոր Մագիստրոսի «Գամագտականի» ամբողջական լուծումը» (1912)։ Հ. Մէնէվիշեան անդրադարձած է նաեւ ազգագրական ու բանասիրական այլեւայլ խնդիրներու եւ կատարած է կարգ մը հատորներու թարգմանութիւններ։