Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԼԵՒՈՆ ՄԻՐԻՋԱՆԵԱՆ (մահ՝ 16 Նոյեմբեր, 2004)

Բանաստեղծ Լեւոն Միրիջանեան գրական ու հանրային լայն գործունէութիւն ունեցած է 1960-2000ական թուականներուն Հայաստանի մէջ։

Ծնած է 22 Յունուար, 1933ին, Երեւանի մէջ։ 1950ին աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան միջնակարգ դպրոցը, 1955ին՝ Երեւանի պետական համալսարանի հայոց լեզուի ու գրականութեան ճիւղը, իսկ 1962ին՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի հայցորդի բաժինը՝ բնագրագիտութեան գծով։

Ուսման զուգընթաց աշխատած է «Պիոներ կանչ» (1949-1953), «Գրական թերթ» (1953-1957) եւ «Երեւան» (1957-1959) խմբագրութիւններուն մէջ։ 1962-1967 թուականներուն գրականութեան հիմնարկի գիտական քարտուղարը եղած է, իսկ 1967-1975ին՝ «Հայաստան» հրատարակչատան գեղարուեստական գրականութեան խմբագրութեան վարիչը։ 1975-1989ին Հայաստանի Գրքասէրներու Ընկերութեան առաջին փոխնախագահի, իսկ 1989ին՝ «Հայ դպրութիւն» ընկերութեան նախագահի պաշտօնը վարած է։

1991-1996ին դարձած է «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան նախագահ, իսկ 1996ին հիմնած է ցեղասպանութեան վերապրողներու միութիւն մը։ «Հայաստան-Ուքրանիա» ընկերութեան նախագահն էր եւ աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է հայ-ուքրանական գրական կապերու զարգացման համար։

Միրիջանեան հրատարակած է աւելի քան տասնեակ մը բանաստեղծական հատորներ, որոնցմէ մէկ քանին նուիրուած էին իր հայրենի Վանին, ինչպէս «Ծովի կարօտ» (1965) եւ «Դէպի ծով» (1971)։ Ամենէն յայտնի գործը «Երգի հովիւը» վիպերգն է, որ 1969ին, Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 100ամեակին առթիւ, Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած գրական մրցոյթին արժանացած է առաջին մրցանակին։ 1974ին լոյս տեսած է արաբերէն, իսկ 1983ին՝ անգլերէն։

Հեղինակած է բանասիրական աշխատութիւններ, ինչպէս «Հայ բանաստեղծութեան ակունքները» (գիրք Ա., 1977), «Պատմութեան եւ առասպելի սահմանները» (1986) եւ ուրիշներ։ Դասական ուղղագրութեան կողմնակից եղած է,  ու այդ նիւթով հրատարակած է «Մէկ ազգ՝ մէկ ուղղագրութիւն» (2002) գրքոյկը եւ «Մեր Մեծասքանչը» (2003) գործը։ Շարք մը հատորներ լոյս տեսած են յետմահու։

Միրիջանեան մահացած է 16 Նոյեմբեր, 2004ին, Երեւանի մէջ։ Միջնակարգ դպրոց մը իր անունով կոչուած է մայրաքաղաքին մէջ։