Ուրբաթ, 17 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանելով Նիւ Եորք, երեկոյեան այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի, հոգաբարձութեան, ազգային երեսփոխաններու եւ հաւատացեալներու կողմէ:
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետի կատարած երրորդ այցելութիւնը յիշեալ եկեղեցին: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու շրջանի կառոյցներուն եւ ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան իբրեւ Աստուծոյ տունը: Բոլորս այս տան զաւակներն ենք. այս տունը մեզ կը պաշտպանէ կեանքի բոլոր չարիքներէն. այս տունը մեր հաւատքը կը զօրացնէ. այս տունը մեզ կը մղէ սիրել զիրար եւ երբեք չյուսահատիլ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց: Հետեւաբար, հարկ է մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:
Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները իրենց մտահոգութիւնները եւ հարցումները ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին, որ բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ տուաւ հանգամանօրէն:
Շաբաթ, 18 Նոյեմբերին, հանդիպում-զրոյց տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետի եւ երիտասարդութեան միջեւ։ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ու Ս. Սարգիս եւ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու շուրջ 100 երիտասարդներու հետ երկու ժամուան հանդիպումը փաստօրէն երկխօսութիւն մըն էր։ Հարցումները առաւելաբար առնչուած էին Սփիւռքի վերակազմակերպման, եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ յատկապէս երիտասարդութեան դերակատարութեան հայ կեանքէն ներս։