Առաջնորդարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 19 Նոյեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Լագիսեանի, հոգաբարձութեան եւ հաւատացեալներու կողմէ։ Պատարագիչն էր Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս: Եկեղեցին լեցուն էր թէ՛ Նիւ Եորքէն եւ թէ այլ շրջաններէ հաւատացեալներով, որոնք եկած էին հաղորդուելու Ս. Պատարագի խորհուրդով եւ լսելու Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական խօսքը:

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եւ Թորգոմ Սրբազանի սրտի խօսքերէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ան իր գնահատանքը յայտնելէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեւոր դասուն ու Ազգային Վարչութեան, խօսեցաւ ընտանիքի կարեւորութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ընտանիքը բնորոշեց իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած կառոյց եւ յիշեց Աւետարանի ու առաքեալներու թուղթերուն մէջ ընտանիքի մասին տեղ գտած կարեւոր հաստատումները: Խօսելով յատկապէս հայ ընտանիքի մասին, Նորին Սրբութիւնը զայն նկատեց փոքր եկեղեցի, փոքր հայրենիք ու փոքր դպրոց: Ան լայնօրէն անդրադարձաւ իւրաքանչիւրին, միշտ շեշտելով ընտանիքի սրբութիւնը, ինքնութիւնն ու ազգային նկարագիրը պահելու հրամայականը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ տեսակ-տեսակ ըմբռնումներ ու կենցաղակերպեր սկսած են աղարտել հայ քրիստոնեայ ընտանիքի նկարագիրը:

Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց հայ ընտանիքին սրբազան կառոյց ըլլալու հանգամանքը։ Ան ըսաւ, թէ ընտանիքը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու աղբիւրն է, որ ճակատագրական դեր ունեցած է եւ ունի մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս այս օրերուն, երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները։ Հետեւաբար, ան կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն։