Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱՐԱԶԴԱՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 29 Նոյեմբեր, 1909)

Վարազդատ Յարութիւնեան անցեալ դարու վերջին կէսի հայ ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան յայտնի անուններէն մէկը եղած է։

Ծնած է Վան, 29 Նոյեմբեր, 1909ին։ 1915ի Վանի հերոսամարտէն ետք, Յարութիւնեան ընտանիքը գաղթած է նախ Էջմիածին, ապա՝ Թիֆլիս։ Յովհաննէս Թումանեանի հետ հանդիպումները կազմած են ոըբանոցի տարիներուն միակ պայծառ ու յիշարժան դրուագները։ 1919-1927ին ուսանած ու աւարտած է Թիֆլիսի հայկական միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1927-1931ին ուսուցչական պաշտօն վարած է Լոռիի Շնող եւ Արճիս գիւղերու դպրոցներուն մէջ։ 1931ին մտած է Երեւանի Բազմարուեստից հիմնարկի (Պոլիտեխնիկական ինստիտուտ, այժմ՝ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարան) շինարարական ճիւղի ճարտարապետական բաժինը, զոր գերազանցութեամբ աւարտած է 1937 թուականին։ Հոն եղած է դասախօս եւ ապա՝ ճարտարապետութեան ամպիոնի վարիչ (1945-1990)։

1946ին «Դուինի ճարտարապետական յուշարձանները» խորագրուած աշխատութեամբ ստացած է ճարտարապետութեան թեկնածուի գիտական աստիճանը, իսկ 1964ին «Հին եւ միջնադարեան Հայաստանի քաղաքաշինութիւնը» աւարտաճառին համար անոր շնորհուած է դոկտորի աստիճան եւ փրոֆեսորի կոչումը։ 1996ին ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի իսկական անդամ։

1945-51ին վարած է Հայաստանի Յուշարձաններու Պահպանութեան Կոմիտէի, իսկ 1962-1974ին՝ Հայաստանի Ճարտարապետներու Միութեան վարչութեան նախագահութիւնը։ Եղած է  Յուշարձաններու Պահպանութեան Հայկական Ընկերութեան նախագահ, իսկ 1956ին ընտրուած է Ս. Էջմիածնի ճարտարապետական յանձնաժողովի նախագահ։ Հետագային հիմնած է «Վան-Վասպուրական» հայրենակցական միութիւնը։ Մաս կազմած է տարբեր կազմակերպութիւններու նախագահութիւններուն։ Ստացած է զանազան շքանշաններ եւ պատուաւոր կոչումներ։ 1961ին արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին արժանացած է։

Վարազդատ Յարութիւնեան հեղինակած է 800էն աւելի գիտական յօդուածներ, 3 դասագիրքեր, 40 գիրքեր, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւններու 4 հատոր։ Անոր հիմնական աշխատութիւնները նուիրուած են հայ միջնադարեան եւ արդի ճարտարապետութեան պատմութեան ու տեսութեան, հայկական ճարտարապետական յուշարձաններու վերականգնումի հարցերուն եւ հայ նշանաւոր ճարտարապետներու կեանքին ու գործունէութեան։ Գլխաւոր գործերէն են «Դուինի 5-7-րդ դարերի ճարտարապետական յուշարձանները» (1950), «Միջնադարեան Հայաստանի քարաւանատներն ու կամուրջները» (1960), «Անի քաղաքը. միջնադարեան Հայաստանի քաղաքաշինութեան պատմութիւնից» (1964), «Հայկական ճարտարապետութեան յուշարձանները» (1975, հեղինակակից՝ Մօրուս Հասրաթեան), «Թորոս Թորամանեան» (1984), «Հայկական քաղաքաշինութեան եւ ճարտարապետութեան հիմնախնդիրները» (2004)։ Գրած է շուրջ երկու տասնեակ յուշարձաններու նուիրուած առանձին աշխատութիւններ։ Հրատարակած է ռուսերէն գործեր. «Հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններ» (1951, հեղինակակից՝ Ս. Սաֆարեան), «Սովետական Հայաստանի ճարտարապետութիւնը» (1955, հեղինակակից՝ Կ. Յովհաննիսեան),  «Սովետական Հայաստանի ճարտարապետութիւնը» (1972, հեղինակակիցներ՝ Մօրուս Հասրաթեան եւ Ա. Մելիքեան)։ Գրած է նաեւ յուշագրութիւններ. «Նախնեաց ոտնահետքեըով» (1996), «Բոսֆոըի և Մարմարայի ափերով» (1996), «Անմոռաց հանդիպումներ» (1998), «Կեանքիս քառուղիներում» (1999), «Արուեստակից ժամանակակիցներս» (2001)։

Վ. Յարութիւնեան մահացած է 20 Մարտ, 2008ին, Երեւանի մէջ։