ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ԹՐՈՅԻ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, ժամանեց Թրոյ (Նիւ Եորք նահանգ), ուր դիմաւորուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մուտքին համախմբուած հաւատացեալներուն կողմէ։ ։
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որուն կողքին կը գտնուէին Գանատայէն ժամանած Գերշ. Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը, Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը եւ գաղութի այցելու հովիւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանը, հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տալու։
Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ սիրոյ հրամայականին վրայ, նշելով, որ եկեղեցին սիրոյ համայնք է. Քրիստոս ո՛չ միայն սիրեց մարդը, այլ նաեւ պատգամեց զիրար սիրել: Արդարեւ, սիրելը զգացական վիճակ մը չէ. սէրը կ՚ենթադրէ նուիրում, ծառայութիւն եւ օգնութիւն: Հետեւաբար, մեր սէրը գործնապէս պէտք է արտայայտենք սիրելով մեր փոքր ընտանիքն ու մեծ ընտանիքը՝ ազգը, միաժամանակ օժանդակելով մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի ծրագիրներուն։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր:
Նոյն օրը, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ անոր իջեւանած պանդոկին մէջ: Յաջորդաբար խօսք առին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Անդրանիկ Գարակէօզեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Իր խօսքին մէջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ուրախութեամբ յայտնեց, թէ 25 տարի ետք երկրորդ անգամ ըլլալով Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն կը շնորհէ եւ օրհնութիւն կը բերէ Թրոյի հայ գաղութին:
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց մեր աւանդութիւններուն ու արժէքներուն ամրօրէն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, միշտ համախմբուելով եկեղեցւոյ շուրջ: Եկեղեցին մեր տունն է՝ Աստուծոյ տունը ըլլալով հանդերձ: Պէտք է մեր եկեղեցին պայծառ պահենք մեր մասնակցութեամբ, որպէսզի մեր ընտանիքները եկեղեցւոյ ճամբով պայծառանան եւ լեցուին Աստուծոյ օրհնութեամբ:
Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբերի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին Թրոյ համայնքի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Ինչպէս բոլոր գաղութներու պարագային, այստեղ եւս Նորին Սրբութիւնը թելադրեց միութիւններուն իրենց գործունէութիւնը ծաւալել ու վերակազմակերպել: