Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՏՈՔԹ. ՏՐԴԱՏ ՄԱՆԿԻԿԵԱՆ (4 Փետրուար, 1941 – 17 Նոյեմբեր, 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խոր ցաւով իմացան տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Ֆէրֆաքս (Վըրճինիա), Ուրբաթ, 17 Նոյեմբերին, 82 տարեկան հասակին։

Տոքթ. Մանկիկեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, զաւակը՝ Մեծ Եղեռնէն վերապրող Երուանդ եւ Արտեմիս Մանկիկեաններու։

Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք, յաճախած է Ալեփփօ գոլէճ եւ այնուհետեւ փոխադրուած է Պէյրութ, ուր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ 1966ին շրջանաւարտ եղած է բժշկութեան ճիւղէն ու մասնագիտացած՝ ակնաբուժութեան մէջ։

Իր բժշկական յետաւարտական շրջանը բոլորելէ ետք, Այովայի համալսարանը մեկնած է՝ յատուկ կրթաթոշակով։ 1970ին Լոս Անճելըսի մէջ ամուսնացած է Սեդա Մանկիկեանի հետ։ Ունեցած են երեք զաւակներ՝ Թինա, Անտրէ եւ Ալեքս։

Ընտանիքը աւելի ուշ փոխադրուած է մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, ուր տոքթ. Մանկիկեան Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի բժշկական դպրոցի ակնաբուժութեան բաժնի դասախօս եւ այնուհետեւ յետաւարտական ուսանողներու բաժանմունքի տնօրէն եղած է։ Այնուհետեւ ակնաբուժական սեփական դարմանատունը բացած է, երկարամեայ ծառայութեամբ, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը Մարտ 2020ին, 79 տարեկանին։

Հայաստանեայց Եկեղեցին տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի հոգեկան հիմքը եղած է ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Անոր կենսական դերին գիտակից ըլլալով, ծառայած է բազմաթիւ հանգամանքներով, ծուխէն մինչեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն։ Դեկտեմբեր 2022ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, վերընտրուած էր իբրեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ 2022ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իրեն պարգեւած է Կիլիկիոյ իշխանի շքանշանը իր բազմաթիւ ծառայութիւններուն համար։

Տոքթ. Մանկիկեանի մահը կը սգան իր այրին՝ տիկ. Սեդա Մանկիկեան, զաւակները, չորս թոռները եւ եղբայրը՝ Պետրոս։ Ան նախապէս կորսնցուցած է եղբայր մը՝ Արշակ, եւ քոյրը՝ Երան։

Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 28 Նոյեմբերի երեկոյեան, Fairfax Memorial Funeral Homeի մէջ (Ֆէրֆաքս, Վըրճինիա), որու մատրան մէջ պիտի կատարուի յուղարկաւորութիւնը Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբերին։ Թաղումը տեղի պիտի ունենայ Fairfax Memorial Park Cemeteryի մէջ։ Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Reddy2Fight Foundationին կամ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ)։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի ընտանիքին եւ հաըազատներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։