Լուիզ Նալպանտեան հայագիտութեան ռահվիրաներէն մէկը եղած է 1960ական թուականներուն Ամերիկայի մէջ, որուն խոստմնալից աշխատանքը ողբերգական վերջ գտած է ինքնաշարժի արկածով։
Նալպանտեան ծնած է Սան Ֆրանսիսքօ, 12 Սեպտեմբեր, 1926ին։ Իր դոկտորական ուսումը աւարտած է Սթէնֆըրտ համալսարանին մէջ (1959)։ Դոկտորական աւարտաճառը հրատարակուած է 1963ին («Հայ յեղափոխական շարժումը. հայ քաղաքական կուսակցութիւններու զարգացումը 19րդ դարու ընթացին») եւ վերատպուած՝ 1967ին։ Դասաւանդած է միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ, եւ 1960-1961ին հայոց պատմութիւն դասաւանդած է Գալիֆորնիոյ համալսարանը Լոս Անճելըսի մէջ։ Առաջին կինը եղած է, որ պաշտօնավարած է Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրէզնոյի ճիւղին մէջ (1964), ուր փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է 1972ին։
Լ. Նալպանտեան 1967ի գարնան առաջին անգամ հայագիտական դասընթացք մը տուած է՝ «Հայոց պատմութիւն» խորագրով, զոր կրկնած է ամէն եռամսեային։ 1969ին, երկրորդ դասընթացք մը հաստատած է՝ «Հին Արգաւանդ Մահիկը» խորագրով, որ նոյնպէս հայագիտական հետաքրքրութիւն ունէր։ Աւելի ուշ, 1972ին եւ 1974ին, Խորհրդային Հայաստանի նուիրուած դասընթացքներ տուած է։
Ազգութիւններու ուսմանց հանդէպ հետաքրքրութիւնը պատճառ եղած է, որ Լուիզ Նալպանտեան յաջողի հայկական բովանդակութեամբ նոր դասընթացքներ հաստատել։ 1970ին երկու ուսուցիչներ ներգրաւած է՝ Սրբուհի Մսըրլեան (հայոց լեզու) եւ դոկտ. Արա Աւագեան (հայ մշակոյթ)։ 1973ին Նալպանտեան արդէն յիշուած է իբրեւ հայկական ուսմանց համակարգող Գալիֆորնիոյ նահանգային համասարանին մէջ (Ֆրէզնօ)։ Սակայն, հայագիտական ծրագրի աճը ժամանակաւոր եւ ողբերգական դադար մը ունեցած է, երբ 48ամեայ Նալպանտեան իր մահկանացուն կնքած է 2 Դեկտեմբեր, 1974ին, ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով։ Անաւարտ ձեռագիր մը ձգած է՝ «Ընկերվարական շարժումը հայերու մէջ» խորագրով, Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան առաջին քսանամեակին մասին։