Առաջնորդարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻ ՄԸ Ս. ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբերին, ԱՄՆի Միջ-Եկեղեցական Խորհուրդին եւ Ս. Վլատիմիր աստուածաբանական դպրեվանքին միացեալ նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հարցերու քննարկման նուիրուած հանդիպում մը դպրեվանքի յարկին տակ։ Ներկայ էին թէ՛ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ թէ՛ Խորհուրդի գործունէութեան իրենց հետեւողական մասնակցութիւնը բերած ամերիկաբնակ հոգեւորականներ ու համալսարանական դասախօսներ։

Նկատի ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին երկար տարիներու փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական աշխարհին մէջ, ան հրաւիրուած էր իր տեսակէտները եւ պատկերացումները յայտնելու։

Նորին Սրբութիւնը հինգ կէտերու մէջ պարզեց միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները. անհատակեդրոն շարժումէն դէպի եկեղեցակեդրոն շարժում. ուղղափառ եկեղեցիներու մտահոգութիւնները դէպի աշխարհայնացում ուղղուող միջ-եկեղեցական շարժումին մասին. բազմակողմանի գործակցութեան նահանջը երկկողմանի գործակցութեան դիմաց. աստուածաբանական երկխօսութեան տիրապետող ներկայութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ եւ եկեղեցւոյ միութեան լուսանցքայնացումը ընկերաբարոյական խնդիրներու հետզհետէ ծաւալող ներկայութեան դիմաց։

Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ ու միաժամանակ կատարեց վերլուծումներ։ Ապա, ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Ներկաները ճաշի հիւրերը եղան Ամերիկայի Միջ-Եկեղեցական Խորհուրդին եւ Ս. Վլատիմիր աստուածաբանական դպրեվանքին։