ԿԻՐԱԿԻ, 3 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ – Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 36.22-37.11
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 13:1-9
Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլեա ցիներուն մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին: Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուած Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան: Ո՛չ: Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք: Կամ ի՞նչ կը մտածէք այն տասնըութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք: Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները: Ո՛չ: Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք:
Անոնց հետեւալ առակը պատմեց.
– Մարդ մը կար, որ իր այգիին մէջ թզենի մը տնկած էր: Թուզ քաղելու գնաց, բայց թզենիին վրայ պտուղ չգտաւ: Այգեպանին ըսաւ. «Այս երրորդ տարին է որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ: Ուստի կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ»: Այգեպանը պատասխանեց. «Տէ՛ր, թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կր փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ: Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ. ապա թէ ոչ՝ յաջորդ տարի կտրէ զայն»:
Ա. ՆԱՄԱԿ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:1-12
Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, մենք ձեզի սորվեցուցինք թէ ի՛նչպէս պէտք է ապրիլ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար: Թէպէտ այդպէս կ’ապրիք արդէն, սակայն կը խնդրենք եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը թելադրենք՝ որ շարունակէք յառաջանալ ներկայ ձեր ընթացքին մէջ: Գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսի անունով, որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է, որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ: Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որոնք զԱստուած չեն ճանչնար. կամ չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ՝ անոր կինը յափշտակելով, որովհետեւ այդ բոլորին համար Տէրը իր դատաստանին մէջ անողոք պիտի ըլլայ, ինչպէս սկիզբէն ըսինք ձեզի եւ ազդարարեցինք: Միթէ Աստուած մեր պղծալից կեանքը շարունակելո՞ւ հրաւիրեց մեզ, թէ՝ սրբութեամբ ապրելու: Անշուշտ թէ սրբութեամբ ապրելու: Հետեւաբար, ով որ սրբութեան այս պատուէրը կ’արհամարհէ՝ մարդ մը անարգած չ’ըլլար, այլ՝ նոյնինքն զԱստուած, որ իր Սուրբ Հոգին կու տայ մեզի:
Գալով եղբայրսիրութեան, մեր գրելուն պէտք չունիք, որովհետեւ ինքնին դուք Աստուծմէ սորված էք իրար սիրել, ինչպէս արդէն գործնապէս այդ սէրը ցոյց կու տաք ամբողջ Մակեդոնիայի բոլոր եղբայրներուն նկատմամբ: Բայց դարձեալ, եղբայրնե՛ր, կը խնդրենք որ աւելի առատանաք ձեր սիրոյն մէջ, ջանաք հանդարտ կեանք մը վարել, միայն ձեր գործին նայիլ եւ ձեր աշխատանքի վաստակով ապրիլ, ինչպէս որ պատուիրեցինք ձեզի, որպէսզի ձեր պարկեշտ ընթացքով յարգուիք չհաւատացողներէն եւ ոեւէ մէկուն կարօտ չմնաք: