ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ
Շաբաթ, 2 Դեկտեմբերին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Թադէոս ու Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնը։ Անոնք մեր Եկեղեցիին տուած են առաքելական նկարագիր եւ ճանչցուած են իբրեւ Հայաստանի առաջին լուսաւորիչներ։
Ս. Թադէոս Հայաստան եկած է քրիստոնէութիւնը քարոզելու 43 թուականին շուրջ։ Նահատակուած է հարաւ-արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Թաղուած է Ս. Թադէի վանքը (Իրան), ուր 3րդ դարուն մատուռ մը շինուած է եւ մինչեւ այսօր տարեկան ուխտագնացութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Ս. Բարթուղիմէոս Հայաստան ժամանած է աւելի ուշ՝ 66 թուականին շուրջ։ Նահատակուած է Աղբակ գաւառի Հադամակերտ քաղաքին մէջ՝ Վանայ լիճի հարաւ-արեւելքը։