Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, Յիսնակի երրորդ Կիրակին է, կանխապատրաստելով Քրիստոսի գալստեան տօնը, որ մեզի կը բերէ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անսահման սիրոյն պատգամը։ Յիսնակի մեծագոյն դէմքը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչն է (տե՛ս Մատթէոսի եւ Ղուկասի աւետարաններու 3րդ գլուխները)։ Սպասման այս շրջանը կը կոչուի Յիսնակ, որովհետեւ յիսուն օրեր կան մինչեւ Քրիստոսի Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը 6 Յունուարին։
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԱՑ
07
Dec