Կաթոլիկ աստուածաբան եւ լեզուաբան Ֆրիտրիխ Վինտիշման հայերէնի համեմատական ուսումնասիրութեան հիմնադիր կը համարուի։
Ծնած է 13 Դեկտեմբեր, 1811ին, Ասշաֆէնպուրկի մէջ։ Հայրը՝ փիլիսոփայ Քարլ Վինտիշման (1775-1839), փիլիսոփայութեան անոր ուսուցիչը եղած է Պոնի մէջ, ուր նաեւ դասական բանասիրութիւն եւ սանսկրիտերէն ուսանած է երկու նշանաւոր գիտնականներու՝ Ֆրիտրիխ Շլէկէլի եւ Քրիսթիան Լասէնի հետ։ Վետայական (հին հնդկական) գրականութեան մասին իր դոկտորական աւարտաճառը պատշտպանած է 1832ին եւ հրատարակած՝ յաջորդ տարին։
Այնուհետեւ աստուածաբանութեան հետեւած է Պոնի, Միւնիխի եւ Վենետիկի մէջ, ուր նաեւ հայերէն սորված է Մխիթարեան հայրերու քով։ 1836ին երկրորդ՝ աստուածաբանութեան դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է, նիւթ ունենալով Պետրոս Առաքեալի նամակները, զոր լոյս ընծայած է նոյն տարին, երբ նաեւ հոգեւորական ձեռնադրուած է։ Հոկտեմբեր 1836ին Միւնիխի Մայր Տաճարի փոխանորդ նշանակուած է, իսկ 1838-1839ին՝ եկեղեցական օրէնքի եւ Նոր Կտակարանի մեկնութեան դասախօս Ֆրայզինկի մէջ, Միւնիխի մօտերը։
1842ին Պաւարիոյ Գիտութիւններու Արքայական Ակադեմիայի անդամ նշանակուած է, իսկ 1846-1856ին վարած է Միւնիխի ընդհանուր փոխանորդութիւնը։ Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է եկեղեցական քաղաքականութեան մէջ։ Եկեղեցական իրաւունքներու անոր կողմէ պաշտպանութիւնը պետական ճնշումներուն դէմ յաճախակի վէճերու պատճառ դարձած է։ Կեանքի վերջին տարիներուն, Ֆրիտրիխ Վինտիշման հիւանդ անցուցած է ու մահացած՝ 23 Օգոստոս, 1861ին, Միւնիխի մէջ, 50 տարեկանին։
Հմուտ եղած է հայերէնի ու հին պարսկերէնի, ինչպէս եւ սանսկրիտերէնի տարբեր բարբառներուն։ Բազմաթիւ յօդուածներու կողքին, հրատարակած է «Մեկնութիւն Գաղատացիներու Նամակին» (1843), «Միթրա. նպաստ մը Արեւելքի կրօնական պատմութեան» (1857)։ Յետմահու լոյս տեսած է «Զրադաշտական ուսումնասիրութիւններ» (1863) գիրքը
Հայագիտական ամենէն մեծ աշխատութիւնը՝ «Հայերէնի տեղը արիական լեզուական բունին մէջ» (1846), նուիրուած է հայոց լեզուի բնոյթին, ծագման ու ցեղակցութեան հարցերուն։ Այս հետազօտութեան մէջ, ան բազմաթիւ փաստարկումներով աշխատած է հաստատել այն գաղափարը, որ հայոց լեզուն հնդեւրոպական է եւ կը մտնէ հնդիրանական (արիական) ճիւղին մէջ։
Վինտիշման քննած է յատկապէս հայերէնի եւ ցեղակից լեզուներուն հնչիւնական, քերականական, ինչպէս նաեւ բառային համապատասխանութիւններու խնդիրները։ Քերականութենէն քաղած հիմնական հետեւութիւնը այն է, որ հին իրանական «բարբառ» մը եղած է, որմէ հայերէնը սերած է։ Սակայն, Վինտիշման չէ կարողացած ճշդել իր տեսակէտը հնդեւրոպական տարածքին մէջ հայերէնի գրաւած տեղին վերաբերեալ, ինչպէս եւ բնիկն ու փոխառեալը յստակօրէն զատորոշել հայ-իրանական լեզուական ընդհանրութիւններու գնահատման մէջ։ 1875ին, հայագէտ Հայնրիխ Հիւպշման, այս զատորոշումը կատարելէ ետք, հիմնաւորած է հայերէնի ինքնուրոյն եւ անկախ ճիւղ ըլլալը հնդեւրոպական ընտանիքին մէջ։