Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ուսուցիչներու վերաորակաւորման եռամեայ ծրագիրը ամբողջացնող հայագիտական նիւթերու դասընթացքը սկիզբ առաւ 16 Սեպտեմբերին, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 ուսուցիչներու, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ամբողջացուցին դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօսութիւններու 6 դասապահերը։ Դոկտ. Չոլաքեանի ստեղծած դաստիարակիչ եւ հաճելի մթնոլորտին մէջ, ուսուցիչները լաւագոյնս օգտուեցան անոր հարուստ փորձառութենէն։ Այս առիթով, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ դասախօսին, որ կը շարունակէ մեծ եռանդով եւ կորովով դասաւանդել մեր մայրենի լեզուն շեշտելով անոր կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս։
Յաջորդ նիւթը հայոց պատմութիւնն է, որուն դասախօսները պիտի ըլլան դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան (4 դասապահ) եւ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (2 դասապահ)։ Դասախօսները գլխաւորաբար պիտի կեդրոնանան հայոց պատմութիւն դասաւանդելու մեթոտներուն եւ միջոցներուն վրայ եւ նաեւ պիտի փոխանցեն կենսական գիտելիքներ։ Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան արդէն յաջողութեամբ սկսաւ իր դասաւանդութիւնը Շաբաթ, 2 Դեկտեմբերին։ Հայոց պատմութեան դասապահերու յաջորդ թուականներն են 16 Դեկտեմբեր, 13 եւ 27 Յունուար եւ 10 եւ 24 Փետրուար:
Այս դասընթացքին նպատակն է հայ ուսուցիչներու հայագիտական գիտելիքներու պաշարը ճոխացնել՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու եւ հայ ոգի փոխանցելու ընդունակութիւնը բարելաւելու համար։ Նկատի ունենալով, որ համայնքի ղեկավար տարրերը նոր սերունդէն պիտի գան, ուսուցիչներուն բազմակողմանի պատրաստութիւնը էական է։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այն բոլոր ուսուցիչներուն, որ մասնակից կը դառնան այս յոյժ շահեկան ծրագրին։