ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 35ԱՄԵԱԿԸ
1988ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժէն 35 տարիներ անցած են։ Հիւսիսային Հայաստանի այս քաղաքը հիմնայատակ կործանող երկրաշարժը նաեւ մեծ վնասներ հասցուց Լենինականին (մերօրեայ Գիւմրին), Կիրովականին (մերօրեայ Վանաձորը), Ստեփանաւանին եւ այլ վայրերու։ Ըստ պաշտօնական վիճակագրութիւններու, առնուազն 25.000 զոհեր արձանագրուեցան, ներառեալ մեծաթիւ դպրոցական երեխաներ։
Այս ողբերգութիւնը համաշխարհային օգնութեան եւ կարեկցութեան արշաւ մը շղթայազերծեց, թէեւ անոր հետեւանքներուն յաղթահարումը տասնամեակներ տեւեց։ Այսօր, հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն, Գիւմրի վերագտած է իր երբեմնի աշխուժութիւնը իբրեւ Հայաստանի տեղակատուական արհետագիտութեան կեդրոն։ Կը յիշենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք 7 Դեկտեմբեր, 1988ի ճակատագրական առաւօտեան իրենց կեանքերը կորսնցուցին, եւ աղօթակից ենք զոհերու ընտանիքներուն։