Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ)։ Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ եկեղեցական տօնացոյցի համաձայն յիսունօրեայ հոգեւոր պատրաստութեան շրջանի կարեւորութեան, որուն աւարտին բոլորս հրաւիրուած ենք Աստուածային Սիրոյ մարդեղացման մեծ խորհուրդով վերակենսաւորուելու։

Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով յառաջիկայ տօնական օրերուն իրարու նուէրներ փոխանակելու մեր փութաջանութեան, շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ բոլորս պարտինք խորապէս անդրադառնալ այն մեծ նուէրին՝ Կեանքին, զոր Աստուած մեզի շնորհած է, եւ ըստ այնմ փոխադարձաբար մեր երախտագիտութեան ու բարեգործութեան նուէրով հաճոյացնել Ամենառատ Պարգեւատու մեր Տէր Աստուածը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Սրբազան հայրը նախագահեց համայնքի 69ամեայ տօնակատարութեան։ Եկեղեցւոյ ատենապետ՝ տիար Ստիվ Յակոբեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընդհանուր գծերու մէջ ներկայացուց եկեղեցւոյ միամեայգործունէութիւնը։ Օրդ․ Անահիտ Գրիգորեան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ գործող նորակազմ կազմակերպութեան մասին` ՈՄԱ, Ողջ Մնալու Արուեստը, որուն առաջնահերթ նպատակն է հայկական բանակը նուազ խոցելի դարձնել թշնամիի յարձակումներէն։ Ապա եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն․ Մանճիկեան, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր մարմիններուն, որոնց անսակարկ օժանդակութեամբ եկեղեցին արդիւնաւէտ տարի մը ունեցած էր։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց կրանիթեայ կամքը համայնքին, ուր եկեղեցւոյ մարմիններուն եւ քոյր կազմակերպութեանց միջեւ կը տիրէ համերաշխ գործակցութիւն։ Անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի բոլոր եկեղեցիներու արցախահայութեան բերած նպաստին, եւ քաջալերեց որ Ամանորի մեր նուէրներու բաշխման ցանկին մէջ անպայման նկատի ունենանք արցախահայութիւնը։

Սրբազան Հայրը գնահատելով հոգեւոր հովիւին ծառայութիւնը գաղութէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց անոր։ Լանջախաչը նուիրուած էր տէր եւ տիկ. Ստիվ եւ Սիւզըն, նաեւ տէր եւ տիկ. Ճէֆրի եւ Լին Յակոբեաններու կողմէ։

Օրհնաբեր այս տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։