Կաթողիկոսարանէն

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու հինգերորդ առցանց նիստը տեղի ունեցաւ։

Վեհափառ Հայրապետի հրաւիրած եւ նախագահած նիստին մասնակցեցան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, դոկտ. Արմէն Մարուքեան, փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Շահան Գանտահարեան եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեան:

Օրակարգի առաջին կէտով Նորին Սրբութիւնը զեկուցեց ԱՄՆի մէջ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տան նախագահին եւ քոնկրէսականներու հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին։ Ան շեշտեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին անոնց հետ քննարկած է Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի, այդ վերադարձը իրականացնելու համար անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու ապահովման եւ ընդհանրապէս Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներու հարցերը։

Նիստի երկրորդ մասը յատկացուեցաւ Հայաստան գտնուող Արցախի պետական հաստատութիւններուն մէջ գործող անձնաւորութեանց խորհրդակցութիւններուն։

Այս երկու կէտերուն յաջորդեցին աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ քննարկումներ, որոնք ներառած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բաժնի վարիչին յայտարարութիւնները, Պաքու կատարած այցելութիւնը, Ատրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւններն ու Ատրպէյճանի մէջ յանկարծակի որոշուած արտակարգ նախագահական ընտրութիւնները։

Օրակարգը համալրեցին խորրդակցութիւններ Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, գերիներու փոխանակման եւ Պաքուի մէջ պատանդ առնուած նախկին նախագահներու եւ պետական գործիչներու ազատ արձակման իրաւական եւ քաղաքական միջոցներու մասին։

Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք մասնագէտներու մասնակցութեամբ նման բարձրորակ եւ օգտաշատ քննարկումներու կայացման, շեշտեց, որ անհրաժեշտութիւն է համահայկական օրակարգի կէտերու մշակումը եւ այս պարագային Արցախի նոր իրավիճակի լոյսին տակ հոգեւոր, քաղաքական, դիւանագիտական, իրաւական եւ տեղեկատուական մարզերու մէջ համակարգուած աշխատանք տանիլը։

Առցանց նիստի մասնակիցները շեշտեցին, որ նման քննարկումներու շարունակումը այս հարթակին վրայ կենսական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ համահայկական տարողութեամբ աշխատանքներու ուղենիշներ ճշդելու առումով։