Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ
Շաբաթ, 17 Դեկտեմբերին, Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին տօնն է։ Ծնած ու մահացած է Մծբին, որ պատմականօրէն Հայոց Միջագետքի մաս կազմած է ու ներկայիս Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը կը գտնուի։ Մծբին վաղ քրիստոնէական կարեւոր կեդրոն մըն էր Փոքր Ասիոյ մէջ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք ուղղուող կարաւաններու հանգրուան մը։
Ս. Յակոբ Մծբինի եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 320 թուականին։ Մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական առաջին Ժողովին (325), ուր մեծ յարգանքի արժանացած է Կոստանդին կայսեր եւ միւս մասնակիցներուն կողմէ։
Յակոբ Մծբնացի Հայց. Եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն մէկն է եւ նոյնպէս ի պատուի է Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու, նաեւ՝ Արեւելեան Կաթողիկէ ու Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցիներուն կողմէ։
Ս. Յակոբ փորձած է Նոյեան տապանը գտնել։ Վերելքի երրորդ օրը, հրեշտակ մը երեւցած ու յայտնած է իրեն, թէ գագաթը մագլցելու պէտք չունի, ու իրեն յանձնած՝ տապանի մասունք մը, որ կը պահպանուի մինչեւ օրս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։
«Ուրախացան զօրք երկնից ընդ քո մեծի ճգնութեան, որ ի մարմնի կառուցար նման վերին զուարթնոցն. զքեզ ունիմք բարեխօս առ հայր յերկինս վասն մեր։
Այլ մեք ձայնիւ ցնծութեամբ տօնեմք զքո սուրբ զյիշատակս, պատուեալ վկայ քրիստոսի սուրբ Հայրապետ Յակոբ. զքեզ ունիմք բարեխօս առ հայր յերկինս վասն մեր։
Յանձն առեր զչարչարանս վասն նոյեան տապանին. ի հրեշտակէն ընկալար զփայտ փրկութեան աշխարհի. զքեզ ունիմք բարեխօս առ հայր յերկինս վասն մեր»։
(Երկնքի զօրքերը ուրախացան քու մեծ ճգնութեամբ, որ մարմնով երկնային հրեշտակներուն նմանեցար. Երկինքի մէջ, Հօր մօտ քեզ բարեխօս ունինք։
Այլ մենք ցնծութեան ձայնով քու սուրբ յիշատակը կը տօնենք, Քրիստոսի պատուըւած վկայ սուրբ Յակոբ Հայրապետ. Երկինքի մէջ, Հօր մօտ քեզ բարեխօս ունինք։
Նոյի Տապանին համար չարչարանք յանձն առիր. հրեշտակէն աշխարհի փրկութեան փայտը ստացար. Երկինքի մէջ, Հօր մօտ քեզ բարեխօս ունինք)։