Առաջնորդարանէն

ՄԵԾԱՐԱՆՔ ՓՐՈՖ. ՔՐԻՍԹԻՆԱ ՄԱՐԱՆՍԻԻ

Փրոֆ. Քրիսթինա Մարանսի եւ ամուսինը՝ դոկտ. Ռոպըրթ Տիւլկէրեան

Ձախէն աջ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, «Փրկենք հայկական կոթողները» կազմակերպութեան հիմնադիր Վըրճինիա Տէյվիս եւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Վահրամ Այնիլեան

Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբերին, «Փրկենք հայկական կոթողները» (Save Armenian Monuments) եւ Հայագիտական Ուսմանց եւ Հետազօտութեանց Ազգային Ընկերակցութիւնը (NAASR) միասնաբար հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էին ի պատիւ փրոֆ. Քրիսթինա Մարանսիի, որ վերջերս նշանակուած է Հարվըրտ համալսարանի «Մաշտոց» հայագիտական ամպիոնի վարիչ։ Հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցաւ Վըրճինիա Տէյվիս եւ Ուիլըրտ Թէյլըր ամոլի տան մէջ։ Ամերիկահայ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կը մասնակցէին հաւաքոյթին, ինչպէս եւ արուեստի ու մշակութային ժառանգութեան փորձագէտներ։ Հաւաքոյթը շահեկան ու բովանդակալից էր իր տեղեկատուական բաժինով։

Փրոֆ. Մարանսի հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան ու զարգացման լաւագոյն գիտակներէն մէկն է։ Անոր հետաքրքրութեան առանցքը հայ հին եւ միջնադարեան ճարտարապետութիւնն է, աշխատած ըլլալով նաեւ մշակութային ժառանգութեան խնդիրներու մէջ, յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի վանքերու վերաբերեալ։ Հարվըրտի հայագիտական ամպիոնը ստանձնած է 2022ին, դառնալով առաջին կինը, առաջին հայը եւ առաջին արուեստի պատմաբանը որ այդ պաշտօնը կը վարէ։

Հիւրասիրութեան ներկայ էին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ տիար Արամ Յովակիմեան։

Հայագիտական Ուսմանց եւ Հետազօտութեանց Ազգային Ընկերակցութիւնը շուրջ 70 տարուան պատմութիւն մը ունի՝ հայագիտութեան զարգացման ի նպաստ ամերիկեան գլխաւոր համալսարաններուն մէջ։ «Փրկենք հայկական կոթողները» կազմակերպութիւնը, որ հիմնուած է 2020ին ու կ՚աշխատի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ, կը հետապնդէ հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումը, յատկապէս եկեղեցիներ, վանքեր, դամբարաններ, խաչքարեր, եւ այլն։