Սուրբեր

ԴԱՒԻԹ ՄԱՐԳԱՐԷ ԵՒ ՅԱԿՈԲՈՍ ՏԵԱՌՆԵՂԲԱՅՐ ԱՌԱՔԵԱԼ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Դաւիթ Մարգարէի եւ Յակոբոս Տեառնեղբօր տօնը։

Դաւիթ՝ ութ եղբայրներու կրտսերագոյնը, իբրեւ հովիւ մեծցաւ՝ քաջութիւն եւ հոգատարութիւն սորվելով, հասնելով թագաւորական գահին իբրեւ Իսրայէլի երկրորդ արքան։  Միակն է, որ «Յիսուսի նախահայր» անունը կը կրէ Աստուածաշունչին մէջ։ Նոր Կտակարանը աւելի քան 50 ակնարկութիւն կը պարունակէ Դաւիթի մասին, ներառեալ Յիսուսին տրուած տիտղոսը՝ Դաւիթի որդի։ Բանաստեղծ Դաւիթ նկատուած է Սաղմոսաց գիրքի հեղինակը։

Յակոբոս Առաքեալը Տեառնեղբայր կոչուած է, որովհետեւ կը կարծուի, որ Տիրոջ առաջին զարմիկն էր, կամ, ինչպէս կարգ մը մասնագէտներ ենթադրած են, Յովսէփի որդիներէն մին նախքան Մարիամի ամուսնութիւնը։ Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, միւս առաքեալները ցրուած են աշխարհով մէկ, մինչ Յակոբոս Երուսաղէմ մնացած է, ուր ծառայած է իբրեւ եպիսկոպոս եւ սկզբնական եկեղեցւոյ պաշտպան։ Պօղոս Առաքեալը յիշած է Պետրոսը, Յովհաննէսը եւ Յակոբոսը իբրեւ Եկեղեցւոյ «սիւները» (Թուղթ Գաղատացիներուն 2:9)։ Յակոբոս Տեառնեղբօր աճիւնը մինչեւ այսօր կը գտնուի Հայոց Պատրիարքարանի՝ իր անունով կոչուած Ս. Յակոբայ տաճարին մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *