ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ ԹԵՄԻՍ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ յառաջիկայ 6 Յունուար, 2024ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնէն սկսեալ, Սուրբ Պատարագի արարողութեան վերաբերեալ բոլոր սահմանափակումները պիտի վերացուին։ Արեւելեան Թեմիս Կրօնական Ժողովը, 7 Դեկտեմբեր, 2023ի իր հերթական նիստին, որոշեց վերադառնալ պսակաձեւ ժահրի շրջանին կանխող կանոնական դրութեան Ս. Պատարագի հետեւեալ կէտերու առնչութեամբ.
- Այսուհետեւ, յընթացս Սուրբ Պատարագի, «Ողջոյն»ը պիտի փոխանցուի աւանդական ձեւով։ Սարկաւագները հոգաբարձութեանց անդամներուն եւ վերջիններս իրենց կարգին հաւատացեալներուն կը փոխանցեն ողջոյնը։ Ան որ Ողջոյնը կու տայ պիտի ըսէ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», իսկ Ողջոյն ստացողը կը պատասխանէ «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»։
- Սուրբ Հաղորդութեան բաշխումը պիտի վերադառնայ աւանդական ձեւին, ուր պատարագիչը Մեր Տիրոջ Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը ուղղակի կը դնէ ստացողի բերնին մէջ։ Անշուշտ, բացառութիւններ կ՚ըլլան անոնց համար, որ առողջական թէ այլ պատճառներով կ՚ուզեն հաղորդութիւնը ստանալ իրենց ձեռքին վրայ։ Բոլոր պարագաներուն, կարեւոր է, որ մեր հաւատացեալները երկիւղածութեամբ եւ յարգանքով մօտենան Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մարմնին ու Արիւնին, հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ խորհուրդը ստանալէ առաջ ըսելով «Մեղայ Աստուծոյ» եւ խաչակնքելէ ետք ըսելով՝ «Ամէն»։
- Սուրբ Պատարագի աւարտին, ինքզինք խաչակնքելէ ետք, հաւատացեալները հրաւիրուած են դարձեալ համբուրելու Աւետարանը։
Աւետարանը համբուրելու ժամանակ, հաւատացեալները պարտին ըսել հովիւին՝ «Թող Տէրը յիշէ Սուրբ Պատարագդ եւ բարի ուխտդ կատարէ»։ Հովիւը պիտի պատասխանէ՝ «Տէրը ձեր սրտին համաձայն վարձահատոյց ըլլայ եւ ձեր բարի փափաքները կատարէ»։
Հայ Եկեղեցին անցնող երեք տարիներուն ամենայն աչալրջութեամբ հետեւելով պսակաձեւ ժահրի առիթով ստեղծուած առողջապահական ցուցմունքներուն, այժմ կը վերահաստատէ իր աւանդական կարգ ու կանոնը։ Միասնաբար ցնծութեամբ տօնենք Մեր Տիրոջ հրաշափառ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնը՝ նորոգուած հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։
Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի