Հրաչեայ Աճառեանի կոթողական ստուգաբանական բառարանէն առաջ, նմանօրինակ փորձեր եղած են, որոնցմէ մէկը պատկանած է Պոլսոյ եկեղեցականի մը՝ Յովհաննէս Քհն. Հիւնքեարպէյէնտեանին։
Աւազանի անունով՝ Թադէոս Հիւնքեարպէյէնտեան, ապագայ բառարանագիրը ծնած է 25 Նոյեմբեր, 1818ին, Պոլսոյ մէջ, Յովհաննէս Քհն. Հիւնքեարպէյէնտեանի ընտանիքին մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է Մայր Եկեղեցւոյ կից դպրոցին մէջ, ուր անոր հայերէնի ուսուցիչը եղած է ժամանակի նշանաւոր մանկավարժներէն ու մտաւորականներէն մէկը՝ Գրիգոր Փէշտիմալճեանը։
Ուսուցչութիւն ըրած է Կէտիկփաշայի, Խասգիւղի եւ Բերայի թաղերու հայկական դպրոցներու մէջ։ Ամուսնացած է 1849ին եւ քահանայ ձեռնադրուած՝ Յակոբոս Սերոբեան Պատրիարքի (1839-1840, 1848-1856) կողմէ, 1852ին։
Յովհաննէս Քահանայ սորված է յունարէն եւ ապա՝ պարսկերէն ու լատիներէն։ Սկսած է ուսումասիրել հայերէն բառերու ծագումը։ 1864ին օսմանեան կառավարութեան կողմէ ղրկուած է Փարիզ իբրեւ վերակացու՝ կառավարութեան կողմէ ղրկուած կամ անկէ կրթաթոշակ ստացած ուսանողներու։
1876ին վերադառնալով Պոլիս, շարունակած է իր բառագիտական ուսումնասիրութիւնները։ Նկատուած է քաջ յունագէտ եւ երկու տարի իրեն վստահուած է հայերէն Աստուածաշունչի բաղդատականը կատարել յունարէն բնագրին հետ։ Ստուգաբանական բառարան մը կազմած է, որուն հրատարակութիւնը ուշացած է հիւանդութեան պատճառով։ Վերջապէս լոյս տեսած է 1894ին, սակայն Յովհաննէս Քհն. Հիւնքեարպէյէնտեան մահացած է նոյն տարին՝ 28 Դեկտեմբերին։
Սակայն, հակառակ հեղինակի հայերէնի, ինչպէս եւ վերոյիշեալ լեզուներու իմացութեան, բառարանը խիստ քննադատութեան արժանացած է իր թերիներուն պատճառով, յատկապէս գիտական մեթոտի պակասը եւ լեզուագիտական օրէնքներու բացակայութիւնը։ Ան ջանացած է բառերու ծագումը բացատրել հնչական կամ իմաստային ենթադրեալ նմանութիւններով, առանց փորձելու կանոններ գտնել, որոնք իր վարկածներուն տրամաբանական հիմք ընծայէին։ Այսօր, Յովհաննէս Քհն. Հիւնքեարպէյէնտեանի բառարանը միայն պատմական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ։