Կը թուի, որ մարդիկ հակում ունին սեփական թերացումներու պատասխանատուութենէն խուսափելու եւ յանցանքը բարդելու ուրիշներու վրայ։ «Այսպէս է աշխարհի զարմանալի տխմարութիւնը, երբ մեր բախտը խախտւում է, եւ այն էլ յաճախ մեր սեփական ընթացքի պատճառով, մենք մեր դժբախտութիւնները սիրում ենք բարդել արեւի, լուսնի եւ աստղերի վրայ», Էտմունտը կ՚ըսէ Շէյքսփիրի «Արքայ Լիր»ի իր մենախօսութեան մէջ (թարգմ. Յովհաննէս Խան-Մասեհեան), ծաղրելով Կլոսթըրի անկարողութիւնը իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձելու։
Եւ նոյնիսկ եթէ վերի մէջբերումին «զարմանալի» ածականը փոխաբերական է, մեր բնաւորութեան այս անվայելուչ յատկութիւնը, կրնանք վստահութեամբ ըսել, Հին Կտակարանին չափ հին է։ Տիրոջ իբրեւ ընծայ ներկայացուած նոխազը կը ղրկուէր դէպի անապատ, իր հետ տանելով մարդոց մեղքերը։ Ահա այս էր նշանաւոր քաւութեան նոխազը, որուն առաջին անգամ կը հանդիպինք Ղեւտացւոց գիրքին մէջ, եւ այս հասկացողութեամբ վարժ ենք մեր մեղքերը բեռցնել այլոց վրայ։
Վստահ կրնանք ըլլալ, թէ յառաջիկայ տարի, ինչպէս որ ալ ըլլայ անոր ընթացքը, ցաւի, տառապանքի ու չարածնունդ արարքներու իր բաժինը պիտի բերէ մեզի։ Ասիկա կրնայ հնաբոյր հաստատում մը թուիլ, որովհետեւ յարաբերական ճշմարտութեան մեր օրերուն ամէն ինչ որ բարոյական կեցուածք կ՚ենթադրէ՝ արհամարհանքի կ՚ենթարկուի կամ առիթ կ՚ըլլայ «քարոզ կարդալու»՝ որեւէ արարքի մը կամ վիճակի մը այսպէս ասած իւրայատուկ նրբերանգներուն մասին։
Գիտենք սակայն, գէթ հայոց պատմութեան շնորհիւ, որ բարիի ու չարի ուժերուն յաւիտենական պայքարը կայ մոխրագոյնի բազմաթիւ երանգներուն ետին։ Պատմական, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ազդակներ կրնան բացատրել պատերազմներ եւ ամէն տեսակի վայրագութիւններ, բայց բոլորս անշուշտ գիտենք, որ միայն չարիքով բացատրուող արարքներ ալ կան։ Հայոց պարագային, անհրաժե՞շտ է յիշել չարութեան հսկայ կամարը որ կ՚երկարաձգուի 10-11րդ դարերու թրքական ցեղախումբերու առաջին երեւումէն մեր հողին վրայ մինչեւ 19րդ եւ 20րդ դարերու ջարդերն ու ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի ցեղային մաքրագործումը քանի մը ամիս առաջ։
«Եթէ Սուրբ Գիրքը խելամտօրէն ըմբռնուի, Աստուած Եդեմը տեղադրեց Հայաստանի մէջ», գրած է Լորտ Պայրըն։ «Հայաստան, որ ծանրագնին վճարած է, ինչպէս եւ Ադամի բոլոր շառաւիղները, իր հողի վաղանցուկ մասնակցութիւնը անոր փոշիէն ստեղծուածի երջանկութեան»։
Բայց զինուած մեր անկոտրում հաւատքով, ժամանակի քննութեան դիմացած ըլլալով ինչպէս գեղեցիկ եկեղեցիները որ սփռուած են մեր հայրենիքին՝ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան անոր ազատ բաժնին եւ թէ՛ մեր ցեղասպան դրացիներէն գրաւուած հողերուն վրայ, պէտք է վստահութեամբ մուտք գործենք 2024 թուականը։
Դիւրին պիտի չըլլայ։ Պէտք է տքնաջան աշխատիլ մեր ընտանիքներու ապրուստին եւ մեր կեանքի հետապնդումին համար, ինչպէս եւ պաշտպանել Հայաստանը վախազդու հաւանականութիւններէ։ Բայց մէկ բան որոշ է՝ ի վերջոյ հաւատքն է, որ մեզ պիտի փրկէ։