Առաջնորդարանէն

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերին, վերջ գտաւ Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած Ս. Գիրքի սերտողութեան աշնան ծրագիրը, որ կը քննէր Մատթէոսի Աւետարանին մէջ ներկայացուած Յիսուս Քրիստոսի առակները (գլ. 13, 18, 20, 21, 22, 24 եւ 25)։ Աւելի քան 50 հոգի մասնակցեցաւ շաբաթական այս առցանց ծրագրին, որ սկսած էր Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին։ Ծրագիրը վարեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։

Յաջորդ առցանց սերտողութիւնը նուիրուած պիտի ըլլայ Յիսուսի չարչարանքներու եւ յարութեան պատումներուն Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (գլ. 26-28)։ Շաբաթական ծրագիրը պիտի սկսի Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 19 Մարտ։