ԱՐՄԵՆԱԿ ՍԱԼՄԱՍԼԵԱՆ (մահ՝ 7 Յունուար, 1971)
Կրթութեամբ իրաւաբան, Արմենակ Սալմասլեան յայտնի անուն եղած է ֆրանսահայ համայնքին մէջ իբրեւ գրադարանապետ։
Ծնած է Պրուսայի շրջանի Մխալիջ գիւղին մէջ, 10 Դեկտեմբեր, 1888ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ «Պէրպէրեան» վարժարանին (1900-1906), ապա ուսանած է ամերիկեան «Ռոպերթ» քոլէճին մէջ (1906 – 1911)։ 1911ին մեկնած է Փարիզ, ուր հետեւած է համալսարանի իրաւաբանական ճիւղին (1911-1914)։ 1921ին հրատարակած է ֆրանսերէն տնտեսագիտական-իրաւական աշխատութիւն մը՝ “La clause de la nation plus favorisée” («Ամենէն նպաստաւորուած ազգին դրոյթը»), իսկ յաջորդ տարի ստացած է իրաւաբանութեան դոկտորի տիտղոսը։ 1920-1922ին իբրեւ Ազգային Պատուիրակութեան քարտուղար աշխատած է, իսկ 1922-1930ին՝ իբրեւ Պարսկաստանի Փարիզի մէջ պատուակալ հիւպատոս Ներսէս խան Ներսէսեանի անձնական քարտուղար։ Եօթը տարի իրաւաբանական գրասենեակի մը մէջ աշխատելէ ետք, 1940–1947ին դարձած է Փարիզի ազգային մատենադարանի արեւելեան լեզուներու բաժնի վարիչը, 1951էն՝ Նուպարեան մատենադարանի տնօրէնը։
Հայագիտական յօդուածներով թղթակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու։ 1946ին լոյս տեսած է Սալմասլեանի «Հայկական մատենագիտութիւն» աշխատութիւնը, որ լրացուած եւ ճշգրտուած տարբերակը հրատարակուած է Երեւանի մէջ, 1969ին։ Ան կը ներառէ հայագիտութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ օտար լեզուներով մինչեւ 1965 լոյս տեսած հետազօտութիւններ։ 1967ին Սալմասլեան արժանացած է Երեւանի Մատենադարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալին
Մահացած է 7 Յունուար, 1971ին, Փարիզի մէջ։