ՀԱՅԿ ԱՍԱՏՐԵԱՆ (մահ՝ 13 Յունուար, 1956)
Հայկ Ասատրեան քաղաքական գործիչ մըն էր, որ Գարեգին Նժդեհի գլխաւոր օգնականը եղած է եւ զոհ՝ խորհրդային բռնակալութեան։
Ծնած է Երից գիւղը (Ալաշկերտ), 5 Փետրուար, 1900ին։ Հայրը գիւղապետն էր ու մահացած էր, երբ Հայկ ութ տարեկան էր։ Այնուհետեւ, ան մեծցած է քրոջ ու եղբօր հետ մօր հոգածութեան տակ։
Տեղական դպրոցը աւարտելէ ետք, Հայկ Ասատրեան միացած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Աշակերտական Միութեան շարքերուն։ Ցեղասպաութեան ընթացքին, ապաստան գտած է Արեւելեան Հայաստանի մէջ եւ շարունակած ուսումը՝ Երեւանի թեմական դպրոցին մէջ։ Խմբագրած է Աշակերտական Միութեան «Շանթ» պարբերաթերթը (1918-1919) եւ մասնակցած, իբրեւ միութեան ներկայացուցիչ, կուսակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովին մէջ (Երեւան, 1919)։ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան մասնակցելէ ետք, մեկնած է Հայաստան, հաստատուելով Ռումանիա եւ ապա՝ Պուլկարիա։ Աւելի ուշ, ուսանած է Փրակայի համալսարանին մէջ (Չեխոսլովաքիա), ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1930ին իբրեւ փիլիսոփայութեան դոկտոր։
Պուլկարիա վերադառնալով, շարունակած է իր քաղաքական գործունէութիւնը իբրեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կեդր.Կոմիտէի անդամ։ Սակայն, կուսակցական անհամաձայնութիւններու պատճառով, արտաքսուած է 1936ին։ Նժդեհի օգնական ու բարեկամ ըլլալով, հետեւած է վերջինիս ստեղծած ցեղակրօնութեան ուսմունքին, որ աւելի ուշ զարգացած եւ «տարօնականութիւն» անունը ստացած է։ Նժդեհն ու Ասատրեան միասնաբար հրատարակած են «Արծիւ Տարօնի» հանդէսը եւ «Ռազմիկ» շաբաթաթերթը Սոֆիայի մէջ 1937-1944ին։
1942ին, Ասատրեան հրատարակած է «Հայաստան. արիական նախադիրք Առաջաւոր Ասիայում» աշխատութեան առաջին հատորը։ Գերմանիա ճամբորդած է 1942-1943ին, գիրքի գերմաներէն թարգմանութիւնը իրագործելու համար, բայց յայտնի չէ, թէ յաջողած է։ Գիրքին նպատակն էր փաստել հայ ժողովուրդի հնդեւրոպական ծագումը եւ անոր կարեւորութիւնը Առաջաւոր (արեւմտեան) Ասիոյ մէջ իբրեւ «արիական» (հնդեւրոպական) ու քրիստոնեայ ժողովուրդ, մինչ գերմանական մամուլը կը քարոզէր, որ հայերը սեմական ծագում ունէին եւ հրեաներու նման պիտի բնաջնջուէին։
Պուլկարիա վերադարձին, Ասատրեան աւարտած է գիրքին երկրորդ հատորը, բայց ըստ երեւոյթին ձեռագիրը յափշտակուած է խորհրդային լրտեսութեան կողմէ, երբ ան 1944ին ձերբակալուած է Պուլկարիա ներխուժած խորհրդային բանակին կողմէ։ Ան բանտարկուած է եւ ընտանիքը՝ ներքին աքսորի ենթարկուած։ Ասատրեան կեանքի յաջորդ տարիները անցուցած է խորհրդային բանտին մէջ, մինչեւ որ ներումի արժանացած ու բանտէն արձակուած է 1955ին։ Վերադարձած է Պուլկարիա, ուր սրտի կաթուածէ մահացած է Սոֆիայի մէջ, 13 Յունուար, 1956ին։