ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Սեպտեմբեր ամսուն Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանումէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը բերել գաղթական մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն բարեկեցութեան ապահովման։
Թեմիս բոլոր եկեղեցիները կը շարունակեն իրենց նպաստը բերել «Մեծն Ներսէս» հաստատութեան միջոցաւ։ Յատուկ նախաձեռնութիւններ լուսարձակի տակ առնելով, յայտնենք, թէ վերջերս Տիթրոյիթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ, Երեւանի մէջ արտադրուած հինգ հարիւր զոյգ նոր կօշիկներ, իսկ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ, դարձեալ Երեւանի մէջ արտադրուած հինգ հարիւր նոր վերարկուներ կը բաշխուին կարիքաւոր մեր հարազատներուն։
Շնորհիւ մեր հաւատացեալներու նուիրատուութիւններուն, իւրաքանչիւր ամիս առօրեայի անհրաժեշտ պիտոյքներ կը տրամադրուին 30-35 ընտանիքներու, գործակցութեամբ Երեւանի «Յոյս եւ Լոյս» բարեսիրական կազմակերպութեան, 4.000-4.500 տոլարի արժողութեամբ։