ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Ա. ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 54:1-14
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 2:1-11
Յիսուսի Գալիլեա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր: Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին: Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը իրեն ըսաւ.
– Գինի չունին:
– Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,- պատասխանեց Յիսուս,- իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած:
Սակայն իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն.
– Ինչ որ ըսէ ձեզի, կատարեցէ՛ք:
Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն, հոն քարէ վեց կարասներ կային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ’առնէր: Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն.
– Կարասները ջուրով լեցուցէք:
Եւ սպասաւորները լեցուցին մինչեւ բերան: Յետոյ ըսաւ անոնց.
– Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք:
Անոնք ալ տարին: Սեղանապետը համտեսեց գինիի փոխուած ջուրը, բայց չգիտցաւ թէ ուրկէ էր. թէեւ սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցած էին, գիտէին: Այն ատեն սեղանապետը փեսային ըսաւ.
– Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա:
Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ: Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն:
Ա. ՆԱՄԱԿ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻ 1:1-11
Ես՝ Պօղոս, որ Քրիստոս Յիսուսի առաքեալն եմ՝ մեր փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի հրամանով, քեզի՛ կը գրեմ, հաւատքի հարազատ որդիս, Տիմոթէոս: Թող Հայրն Աստուած եւ մեր Տէրը Քրիստոս Յիսուս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի:
Երբ Մակեդոնիա կ’երթայի, խնդրեցի որ Եփեսոս մնաս եւ խօսիս քանի մը հոգիներու, որպէսզի դադրին օտար վարդապետութիւններ ուսուցանելէ եւ չզբաղին սկիզբ ու վերջ չունեցող առասպելներով եւ ազգահամարներով, որոնք վէճերու դուռ կը բանան, փոխանակ օգնելու մարդոց հաւատքին եւ Աստուծոյ ծրագրին իրականացման: Գերագոյն պատուիրանը սէրն է. անարատ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէն բղխած սէրը: Շատեր այս պատուէրները մոռցած, դատարկ վիճաբանութեանց մէջ մտնելով՝ մեզի Օրէնք սորվեցնելու ելեր են, մինչդեռ ո՛չ իրենց խօսածը գիտեն, ո՛չ ալ Աստուծոյ Օրէնքը, որուն մասին այնքան վստահութեամբ կը ճառեն:
Գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է՝ երբ պէտք եղած ձեւով գործադրուի: Սակայն գիտենք նաեւ, թէ Օրէնքը արդարներուն համար դրուած չէ, այլ՝ անօրէններուն եւ անհնազանդներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, սրբութիւնները ոտնակոխ ընողներուն ու պիղծերուն, հայր ու մայր անարգողներուն, մարդասպաններուն, պոռնկութիւն ընողներուն, արուագէտներուն, մարդ առեւանգողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն, եւ բոլոր այն արարքներուն համար, որոնք հակառակ են իմ փոխանցած առողջ ուսուցումներուս. պատուէրներու՝ որոնք համաձայն են երանելի Աստուծոյ փառքը պատմող Աւետարանին, որ ես հաւատարմօրէն քարոզեցի: