ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ (ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ՄԻԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ)
8 Յունուար, 2024
Սիրելի Ծխականներ եւ բարեկամներ Ազգային Առաջնորդարանի,
Փա՜ռք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ որ իր նախախնամութեան ներքոյ բոլորեցինք տարի մը, որքան որ աղիտալի ցաւերով, նոյնքան եւ մխիթարական իրագործումներով։
Համայն մարդկութեան դիմակալած դժբախտութեանց կողքին, Հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ Ցեղասպանութեան դժխեմ փորձառութիւնը վերյիշեցնող Արցախեան հայրենիքի զաւակներուն տեղահանումը իրենց պապենական հողերէն։ Այսուհանդերձ, այս դառն փորձութեան դիմաց մխիթարական էր տեսնել որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի անվեհեր առաջնորդութեամբ, Ս. Աթոռին շուրջ բոլորուած մեր ժողովուրդի զաւակները, գիտակից յանձնառութեամբ եւ անբեկանելի կամքով շարունակեցին Հայ Քրիստոնեայի երթը Մարդացեալ Աստուծոյ Չարին Բարիով յաղթելու նշանաբանով։
Այս առթիւ, կ՛ուզենք բաժնել Ազգային Առաջնորդարանի միամեայ գործունէութեան հակիրճ պատկերը, որ մանրանկարն է հաւաքական Հայ հաւատքի արդիւնաւէտութեան։
Ա. Հոգեւոր Զարգացում
– Թեմիս հոգեւորականները ամէն ամսուան առաջին Երկուշաբթին ունեցան Արցախի նուիրուած աղօթաժամ, նաեւ հաւաքական հանդիպում, բաժնելով հովուական կեանքի իրենց փորձառութիւնները եւ յառաջացնելով նոր ծրագիրներ։
– Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը կազմակերպեց Մեծ Պահոց դասախօսութեանց շարք, նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850ամեակին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ Տիկնանց Միութեան։
– Նոյն բաժանմունքին վարիչ տնօրէն` Բարեշնորհ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան ներկայացուց Սուրբ Գրքի առցանց սերտողութիւններ։
– Կրօնական Ժողովը կազմակերպեց սարկաւագաց սեմինար մը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Ճըրզի)։
Բ․ Ազգային Վարչութիւն Եւ Հոգաբարձութիւններ
Ազգային Վարչութիւնը եւ Երեսփոխանական Ժողովը, մեկնելով Արամ Ա․ Կաթողիկոսի «2023 – Սփիւռքի Բ․ Տարի» հռչակագրէն, 2023 տարուան նշանաբանը ընտրեցին «Զօրաւոր Հաւատք՝ Զօրաւոր Համայնքներ եւ Ազգ», եւ հետապնդեցին Առաջնորդարանի եւ Ծուխերու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել, հերթական կերպով առցանց հանդիպումներ ունենալով։
Գ․ Երիտասարդական Զարգացում
– Երիտասարդութեան ուղղուած յայտագրերով՝ («Սիամանթօ» լսարան, «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական առաքելութիւն, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարան, նորաստեղծ ամառնային վարժընթացք), Առաջնորդարանը նոր սերունդը ներգրաւելու իր լայն կարելիութիւնները ի գործ դրաւ, պատրաստելով զայն ապագայի ղեկավարութեան։
Դ․ Ուսուցչաց Զարգացում
– Հայ վարժարանի մշակներուն դասաւանդման արդիական մեթոտներու ծանօթացնելու եռամեայ ծրագիրը, համագործակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ իր շարունակութիւնը ունեցաւ միամեայ հայագիտական նիւթերու դասընթացքով։
– Կիրակնօրեայ դպրոցներու դասատուներու վերապատրաստման ծրագիր մը կազմակերպուեցաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ։
Ե․Մեծն Ներսէս Կազմակերպութեան 30ամեակի Տօնակատարութիւն
Ընդ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Առաջնորդարանիս Մեծն Ներսէս բարեսիրական կազմակերպութեան 30ամեակը նշուեցաւ Երեւանի մէջ 26 Յունիսէն մինչեւ 2 Յուլիս։ Տեղի ունեցան գրական եւ գեղարուեստական մրցոյթներու մրցանակաբաշխութիւն, Յակոբ Պարոնեանի անուան թատերասրահին մէջ յոբելինական հանդիսութիւն, ինչպէս նաեւ Մուղնիի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն, ի յիշատակ կազմակերպութեան հիմնադիր՝ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի։
Զ․ Արցախահայութեան հետ եւ Արցախահայութեան համար
– Սեպտեմբերին, Արցախի շրջափակման ամենատագնապալի շրջանին, Առաջնորդարանս կազմակերպեց «Հանապազօրեայ Հաց՝ Արցախին» ծրագիրը, մեր հարազատներուն հասնելով խիստ գաղտնի ճանապարհներով։
– Արցախահայութեան տեղահանումէն ետք,Արամ Ա․Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Հայաստան եւ հանդիպեցաւ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, խոստանալով 50.000 տոլար իր տրամադրութեան տակ դնել ի նպաստ աղէտեալներուն։ Այնուհետեւ, Յանձնխումբը տարբեր շրջաններու մէջ հանդիպեցաւ աղէտեալներուն, մխիթարելով ու քաջալերելով զանոնք, ինչպէս նաեւ 50.000 տոլարի գումար մը բաշխելով անոնց տեղւոյն վրայ։
– Ազգ. Առաջնորդարանը կը շարունակէ օժանդակութիւն հասցնել արցախահայութեան, գործակցելով Երեւանի «Յոյս եւ Լոյս» բարեսիրական կազմակերպութեան հետ, իւրաքանչիւր ամիս առօրեայի սննդեղէն եւ անհրաժեշտ պիտոյքներ տրամադրելով 30-35 ընտանիքներու՝ 4.000-4.500 տոլարի արժողութեամբ։
– Թեմիս ծուխերը անսակարկ կերպով իրենց նպաստը կը բերեն արցախահայութեան բարօրութեան։ Ընդգծելի է, որ Ս. Սարգիս (Նիւ Եորք) եւ Ս. Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն) եկեղեցիները հովանաւորած են Երեւանի մէջ պատրաստուած 500 վերարկուներու եւ 500 զոյգ կօշիկներու գնումն ու բաշխումը։
Է․ Հովուապետական Այցելութիւն
Արեւելեան Թեմը Նոյեմբեր 8-21ին վայելեց Արամ Ա․ Կաթողիկոսի շնորհաբեր այցելութիւնը, որ նոր խանդավառութիւն ստեղծեց Թեմիս, յատկապէս Ուաշինկթընի, Փէնսիլվանիոյ, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի եւ Քընէթիքըթի համայնքներուն մէջ։
Վեհափառ Հայրապետի այցը գաղութային հոգեւոր եւ ընկերային կեանքի վերաշխուժացման կողքին յատկանշուեցաւ Ներկայացուցիչներու Տան նիստի բացման աղօթքով, Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի իրաւաբանական դպրոցին մէջ եւ Ս. Վլատիմիր աստուածաբանական դպրեվանքին մէջ դասախօսութիւններով, նորաշէն եկեղեցւոյ հողի օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ երիտասարդաց հետ զրոյցներով, միջ-եկեղեցական աղօթքով, եկեղեցիներու առաջնորդներու հանդիպումով եւ եզրափակիչ Գոհաբանական տօնախմբութեամբ։
Տիրախնամ Թեմս բախտաւոր կը զգայ որ 2024ին եւս պիտի արժանանայ հովուապետական երկրորդ այցելութեան՝ Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Արեւմուտքի մեր գաղութներուն։
Յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ջերմագոյն երախտագիտութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր գործակիցներուն՝ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբարձութեանց եւ յարակից մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք հաւատալով մեր առաքելութեան եւ ծառայութեան, իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ զօրավիգ կը կանգնին մեր բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան։
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ, կը մաղթենք բոլորիդ քաջառողջ կեանք, յաջողութիւն եւ երջանկութիւն ի պայծառութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի փառս Աստուծոյ։
Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմին